ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտէն աւելի քան 50 ծպտեալ հայեր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հիւրընկալուած են Հայաստանի մէջ: Օգոստոս 5ին, Էջմիածինի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացած է անոնցմէ երկուքին մկրտութիւնը: Անոնք էին Ռահիմ Քարաքաշն ու Ստեփան Չելիքը, որոնցմէ առաջինը, մկրտուելէ ետք՝ ստացաւ Անժէլ անունը:
Ըստ Անժէլին՝ ան երկար տարիներ փափաքած է մկրտուիլ եւ քրիստոնեայ դառնալ ու միայն Հայաստանի մէջ կայացուցած է վերջնական որոշումը: «Ես երկար տարիներ կը փափաքէի անիրաւութեան դէմ պայքարիլ ու դառնալ հայ քրիստոնեայ: Հայաստան գալէս ետք, շատ յուզուեցայ ու որոշեցի, որ ճիշդ ժամանակն է որոշումս իրագործելու», կ՛ըսէ ան:
Ան ամունացած է թուրքի մը հետ ու դեռ չի գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ամուսնոյն արձագանգը իր այդ քայլին: «Բայց ես, 52 տարեկան ըլլալով՝ այս որոշումը տուի, եւ անոր հիմնական պատճառներէն մէկը այն էր, որ ուզեցի հօրս խնդրանքը կատարել», շեշտեց Անժէլ Քարաքաշ, որ Հայաստանի մէջ պիտի փորձէ հայերէն սորվիլ:
Ստեփան Չելիք նշեց, որ միշտ ունեցած է մկրտուելու մտադրութիւն ու կը պատրաստուէր զայն իրագործել Տիգրանակերտի վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, «բայց երբ Հայաստան գալու գաղափարը եղաւ, կէս կատակ կէս լուրջ, ընկերոջս, որ կնքուած էր Սուրբ Կիրակոսի մէջ, ըսի՝ «Ես Սուրբ Էջմիածինի մէջ կնքուելով «աւելի» քրիստոնեայ պիտի դառնամ»: Ու այդպէս ալ ըրի»:
Անժէլի ու Ստեփանի կնքահայրն ու կնքամայրն էին Պոլիս ապրող Վարուժան Ասատուրն ու Անոյշ Ասատուրը, որոնք անոնց հետ հանդիպած են 2011ին, Հայաստանի մէջ կայացած Համահայկական խաղերուն ընթացքին:
Ս. Մկրտութեան արարողութիւնը կատարեց Բագրատ եպս. Գալստանեանը, որ յիշեց 1937ին թրքական բանտի մը մէջ սպաննուած սրբազանի մը պատմութիւնը։ Անոր առաջարկած էին ուրանալ հաւատքը՝ ողջ մնալու համար: «Բայց նա ասաց, որ Սուրբ Էջմիածնի պատմութիւնը մեծ է, շատ մեծ է մեր պատմութեան մէջ, շատ թշնամական ժամանակներ են եկել ու անցել, այս ժամանակն էլ կ՛անցնի. դո՛ւք էլ կը գնաք, ե՛ս էլ, բայց Էջմիածինը կը մնայ», եզրափակեց ան:
Տիգրանակերտէն Հայաստան ժամանած խումբին ղեկավարը՝ քանատահայ Րաֆֆի Պետրոսեան, նշեց, որ հոն կ՛ապրին հազարաւոր հայեր, որոնք աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց արմատներուն: «Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք, թաքուն հայերը քաջութեամբ ի յայտ եկան, եւ իրենց քաջութիւնը տեսնելով՝ մենք կազմակերպեցինք հայերէնի դասընթացք: Յիսուն շրջանաւարտները այսօր եկած են Հայաստան: Այժմ անոնք լեզուն հասկնալու վիճակի մէջ են, այբուբենը սորված են, եւ հոս պիտի շարունակուի լեզուի ուսուցումը: 5 օր, սփիւռքի նախարարութեան ճամբարին մէջ, անոնք դասերու պիտի հետեւին, իսկ վերադառնալէ ետք՝ դասերը պիտի շարունակեն Տիգրանակերտի մէջ», ըսաւ Րաֆֆի Պետրոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.