ՔՈՒԷՅԹ, «Ռոյթըրզ».- Քուէյթի ապահովական ուժերը ձերբակալած է 26ամեայ կրօնական Հաճաճ Աճմին, երբ ան Քաթարէն կը հասնէր Քուէյթի օդակայան: Ան Սուրիոյ մէջ «Ճապհաթ Նուսրա» խմբաւորումի գործունէութիւնը կարելի դարձնող նիւթական օժանդակութենաց կարեւոր աղբիւրներէն մէկը կը նկատուի: Աճմի այն վեց իսլամ ծայրայեղականներէն է, որոնց անունը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը՝ «Քայիտա»ի հետ անոնց առնչութեան համար, ներառեց միջազգային պատժամիջոցներու ենթակայ անձերու ցուցակին վրայ:
Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան Խալիֆա Նահիան վաւերացուց նոր օրէնք մը՝ խստացնելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Նոր օրէնքով հաստատուած պատժամիջոցներու շարքին է մահապատիժը՝ պետութեան ղեկավարին կամ այլ ղեկավարներու վրայ յարձակելու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու յանցանքներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.