24 տարի առաջ, 23 Օգոստոսին, Խորհրդային Հայաստանի բնակիչները պատմական որոշում մը ընդունեցին՝ անկախութիւնը ընտրելով որպէս միակ հաւանական կարգավիճակ եւ երկրի հետագայ զարգացման անշեղ ուղի։
23 Օգոստոս 1990ին, Հայկական Խորհրդային Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որ ո՛չ միայն իր անկախ պետութիւնը վերականգնելու հայ ժողովուրդին դարաւոր երազանքի արտայայտութիւնն էր, այլ նաեւ հայկական երկու պետութիւններու՝ Հայաստանի ու Արցախի, միաւորման փաստացի իրողութեան իրաւական տեսք տալու փորձ մը։
Անկախութեան հռչակագիրը կը հիմնուէր Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի ու Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի 1 Դեկտեմբեր 1989ի «միաւորման մասին» համատեղ որոշումին վրայ։
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը, արտայայտելով ժողովուրդի միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութեան՝ հայ ժողովուրդի ճակատագիրին առջեւ համայն հայութեան իղձերը իրականացնելու եւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու գործին մէջ, մեկնելով Մարդու իրաւունքներու հասարակաց հռչակագիրի սկզբունքներէն եւ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ չափանիշներէն, կենսագործելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1 Դեկտեմբեր 1989ի որոշումին վրայ եւ զարգացնելով 28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդութիւնները՝ հռչակեց «անկախ պետականութիւն հաստատելու գործընթացի սկիզբը»։
Հռչակագիրի ընդունումէն տարի մը ետք, 21 Սեպտեմբեր 1991ին Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ անկախութեան հանրաքուէ եւ ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.