
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բռնցքամարտի գերթեթեւ ծանրութեան դասակարգի WBA, WBO, WIBF վարկերով աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեան յաջորդ մենամարտի յաղթանակը պիտի նուիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
«Յաջորդ մենամարտն ինձ համար շատ կարեւոր է, քանի որ պատրաստւում եմ յաղթանակի դէպքում այն նուիրել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին: Ես շատ եմ կարեւորում յաջորդ մենամարտս: Դեռ յայտնի չէ մրցակիցս, բայց այն կը կայանայ Նոյեմբերին», յայտնած է Կենտիկեան:
Սիւզի Կենտիկեան մասնագիտական բռնցքամարտով կը զբաղի 19 տարիէ ի վեր։