ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Գիտակցելով, որ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները լրջօրէն վտանգուած են, Թուրքիոյ կառավարութիւնը միլիոնաւոր տոլարներ կը լեցնէ ամերիկեան ընկերութիւններու գանձարանները՝ յուսալով բարելաւել իր վարկանիշը, քողարկելով իր բռնատիրական վարչակարգին սեւ բիծերը:
Այդ նպատակով Անգարան 2014ի Մայիս 12ին պայմանագիր կնքած է Թուրքիոյ լողի ազգային առաջնութեան նախկին ախոյեան Հիւմա Կրիւազի եւ Շիքակոյի մէջ գտնուող անոր «Ալփայթաք» հանրային կապերու ընկերութեան հետ, տարեկան 1.42 միլիոն տոլարով: Որքան ալ տարօրինակ է, սակայն, ամսական վճարման փոխարէն, թրքական կառավարութիւնը պայմանագիրը ստորագրելէն անմիջապէս ետք մէկ միլիոն տոլար տուած է «Ալփէյթաք» ընկերութեան, իսկ մնացեալ 420 հազար տոլարը վճարած է առաջին երեք ամիսներուն: Այսպիսով, «Ալփէյթաք»ը փոխարինած է «Ֆլայշմըն-Հիլըրտ» ընկերութիւնը, որ Թուրքիոյ դեսպանատունէն ստացած էր 779,805 տոլար մէկ կիսամեակի համար՝ 2013ի Նոյեմբեր 1էն մինչեւ 2014ի Ապրիլ 30, որուն աւարտին անոր պայմանագիրը դադարեցուած էր:
Բացի ատկէ, Անգարա կ՛օգտուի Միացեալ Նահանգներու թրքական համադաշնակցութեան գործունէութենէն, որ 2000 թուականէն սկսեալ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար ծախսած է դէպի Թուրքիա 170 քոնկրեսականներու ճամբորդութիւնները հովանաւորելու համար: Միացեալ Նահանգներու թրքական համադաշնակցութիւնը հիմնուած է 2007 թուականին, Մեսեչուսեցի «մայքրօ-չիփ»եր արտադրող միլիոնատէր Եալչին Այասլիի կողմէ, որ ըստ «Ալ-Մոնիթոր»ի տուեալներուն՝ վերջին 18 ամիսներուն շուրջ 140 հազար տոլար նուիրած է քանի մը թրքամէտ քոնկրեսականներու:
Շատեր տեղեակ չեն, որ ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման մասին» օրէնքին, արտասահմանեան յաճախորդներ ներկայացնող ամերիկեան ընկերութիւնները պարտաւոր են կիսամեայ հաշուետուութիւն ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան՝ իրենց ամէնօրեայ գործունէութիւններու մասին:
«Ալփէյթաք»ը դեռ չէ աւարտած իր առաջին կիսամեակը, հետեւաբար հաշուետուութիւն չէ ներկայացուցած: Սակայն կ՛ուզենք հատուածներ ներկայացնել «Կեփհարթ կրուփ» ընկերութեան եւ անոր չորս գործընկերներու՝ Կրինպըրկ Թրորիկի, Լիտիա Պորլընտի, Պրայըն Ֆոռնինի եւ Տիքսթայն Շափիրոյի փաստաթուղթերէն, որոնք յանձնած են արդարադատութեան նախարարութիւն՝ 2013ի Օգոստոս 1էն մինչեւ 2014ի Յունուար 31, եւ որոնք կը վերաբերին յօգուտ Թուրքիոյ իրենց կատարած յատուկ գործուէութիւններուն։
– 19 Սեպտեմբեր 2013ին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի նամակը փոխանցուած է փոխնախագահ Ճօ Պայտընին եւ ծերակուտական Փեթրիք Լիհիին:
– Ելեկտրոնային նամակներ ուղարկուած են Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Քասթրոյին, Քոհենին, Քոնոլիին, Տէօչին, Էսթիին, Ֆաքսին, Ֆրենքըլին, Կեփհարթին, Քենետիին, Շնայտըրին, Ուեկնըրին, Ուիթֆիլտին եւ ծերակուտական Մըրֆիին՝ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան վերաբերեալ. կապեր հաստատուած են նաեւ քանի մը քոնկրեսականներու հետ՝ Սուրիոյ, Իրանի դէմ պատժամիջոցներու, Համասի եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան հարցերու քննարկման համար:
– Տիք Կեփհարթ հաղորդած է նախընտրական ներդրումներու մասին 2013ի Սեպտեմբեր 24էն մինչեւ 2013ի Դեկտեմբեր 12 երկարող ժամանակաշրջանին, ներկայացուցիչներ՝ Ալսի Հեսթինկզին (1000 տոլար), Պարպըրա Լիին (1000 տոլար), Մարճըրի Մարճոլիսին (1000 տոլար), Ռիչըրտ Նիլին (1250 տոլար), Պրետ Շնայտըրին (500 տոլար), Տեպի Ուեսըրմըն-Շուլցին (1500 տոլար), Մարք Վիզիին (1000 տոլար), Հենրի Ուեքսմընին (1000 տոլար), եւ ծերակուտականներ Տիք Տըրպինին (2500 տոլար), Մերի Լենտրիւին (1000 տոլար), Քլեր ՄըքՔեսքիլին (1000 տոլար), Մարք Փրայըրին (1500 տոլար) եւ Ռան Ուայտընին (2500 տոլար):
– «Կեփհարթ կրուփ» ընկերութեան աշխատակիցները նուիրած են ծերակուտականներ՝ Տիք Տըրպինին (500 տոլար), Ճին Շեհինին (1500 տոլար), եւ ներկայացուցիչներ՝ Սթիւ Քոհենին (500 տոլար), Քոլին Հանապիւզային (1250 տոլար), Ճիմ Մորընին (500 տոլար), Պրետ Շնայտըրին (500 տոլար) եւ քոնկրեսական Հենրի Ուեքսմընին (500 տոլար):
– «Կեփհարթ կրուփ»ի գործընկեր «Տիքսթայն Շափիրօ» ընկերութեան աշխատակիցները կապ հաստատած են քոնկրեսական Կրեկըրի Միքսի, օրէնսդիր տնօրէն Պեն Պրենչի հետ՝ «Թուրքիոյ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ օրէնսդրութեան հարցերով»: Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հեսթըրթը, Տիքսթայն Շափիրոյին անունով հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամիք Թանի եւ ծերակուտական Ռան Ճանսընի հետ՝ «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու առնչութեամբ»:
– «Տիքսթայն Շափիրօ»ի այլ աշխատակիցներ կապ հաստատած են հետեւեալ ներկայացուցիչներու գրասենեակներուն հետ՝ Ճորճ Հոլտինկ, Էտի Պըռնիս Ճոնսըն, Շէյլա Ճեքսըն Լի, Իլիանա Ռաս-Լեհթինըն, Կրեկըրի Միքս, Շելի Փինկրի, Ռապըրթ Փիթընճըր, Տանա Ռոհրապախըր, Էտ Ռոյս, Էտ Ուիթֆիլտ, եւ ծերակուտականներ Ճան Պուզմըն, Ռան Ճանսըն, Ռենտ Փօլ եւ Ռաճըր Ուիքըր, որպէսզի քննարկեն թրքական տարածաշրջանային խնդիրներ՝ Կիպրոսի, Թուրքիա ուղեւորուելու եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերաբերեալ:
– «Տիքսթայն Շափիրօ»ի աշխատակիցները 2013ի Յուլիս 20էն մինչեւ Դեկտեմբեր 19 նուիրած են աւելի քան 60 հազար տոլար հետեւեալ քոնկրեսական թեկնածուներու քաղաքական քարոզարշաւներուն համար. ծերակուտականներ Լամար Ալեքսանտր (2500 տոլար), Քէյ Հեկըն (9000 տոլար), Էմմի Քլոպիւխըր (2000 տոլար), Միտչ ՄըքՔանըլ (2500 տոլար), Մարք Փրայըր (2500 տոլար), Թիմ Սքաթ (1000 տոլար), եւ ներկայացուցիչներ Սանֆըրտ Պիշափ (2500 տոլար), Էմանուէլ Քլիվըր (1500 տոլար), Ռիք Քրոֆըրտ (2500 տոլար), Սթիւ Տէյնզ (2500 տոլար), Ճան Տինկըլ (1000 տոլար), Պիլ Հիւզենկա (2500 տոլար), Էտի Պըռնիս Ճանսըն (1000 տոլար), Էտըմ Քինզինկըր (2500 տոլար), Մայք ՄըքԻնթայըր (5000 տոլար), Պաք ՄըքՔիան (1500 տոլար), Տաչ Ռուփըրզպըրկըր (2500 տոլար) եւ Էտ Ուիթֆիլտ (2500 տոլար):
Քանի որ, ըստ օրէնքի, Թուրքիոյ կողմէ վարձուած ընկերութիւնները պարտաւոր են մանրամասն զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին, շատ կարեւոր է պարբերաբար ստուգել արդարադատութեան նախարարութեան՝ անոնց ներկայացուցած փաստաթուղթերը, պարզելու համար, թէ անոնք որո՞ւ հետ կապ կը հաստատեն Քոնկրեսի մէջ, ի՞նչ նպատակով եւ որքա՞ն կը նուիրաբերեն անոնց քաղաքական քարոզարշաւներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը