Գամիշլիի հայկական համայնքի թիւը գրեթէ կիսուած է. անոր մեծ մասը արտագաղթած է Եւրոպա, Լիբանան եւ կամ ներգաղթած Հայաստան:
Հակառակ անապահով պայմաններուն՝ այնտեղ կը շարունակեն նշուիլ նաեւ եկեղեցական ու ազգային տօները։
Այսպէս, Օգոստոս 17ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.