Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր յայտարարութիւն մը կատարել՝ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան ու յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տակաւ աճող իսլամ ծայրայեղականներու գծով: Այս ծիրէն ներս, վերջերս Իրաք այցելած պատրիարքները զեկուցեցին, Իրաքի տարբեր շրջաններէն գաղթած քրիստոնեաներու հետ ունեցած իրենց հանդիպումներուն մասին: Ապա, ընդարձակ յայտարարութեամբ մը, հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ ընդգծեցին հետեւեալ կէտերը.
Ա. Քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին Միջին Արեւելքին եւ անոնք տէր պէտք է կանգնին իրենց իրաւունքներուն:
Բ. Իսլամ ծայրայեղականները չեն ներկայացներ իսլամական արժէքները, հետեւաբար, չափաւոր իսլամներու մասնակցութեամբ անհրաժեշտ է պայքարիլ անոնց դէմ:
Գ. Միջազգային համայնքին զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է պայքարելու համար ծայրայեղ իսլամական շարժումներուն դէմ:
Յիշեալ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, հոգեւոր պետերը հանդիպում ունեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչին եւ ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդի մնայուն հինգ անդամ երկիրներու՝ Ամերկայի, Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Չինաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պապական նուիրակը:
Ներկայ պատրիարքները յաջորդաբար խօսք առնելով պարզեցին իրենց տեսակէտները, շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն մասին: Արամ վեհափառ իր խօսքին մէջ ըսաւ.
Ա. Իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքներուն, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքին, ողջ իսլամութեան ու համայն մարդկութեան: Այս ծիրէն ներս պէտք է դիտուին արմատական ու ծայրայեղ իսլամական շարժումները:
Բ. Հաւաքական ռազմավարութիւն եւ մարտաւարութիւն պէտք է որդեգրուի ծայրայեղականութեան դէմ: Այս շրջագիծէն ներս պէտք է ներդաշնակուին կարճաշունչ ու երկարաշունչ մօտեցումներ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական քայլեր:
Գ. Քրիստոնէութիւնը դարեր շարունակ ապրած է իսլամութեան հետ: Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է շարունակուի փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ:
Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին դեսպանները: Անոնք շեշտեցին, թէ ամբողջութեամբ կը բաժնեն արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ թէ միջազգային համայնքը միակամ է ծայրայեղականութեան դէմ իր պայքարին մէջ:
Դեսպաններուն հետ նաեւ արծարծուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Այս մասին լայնօրէն անդրադաձաւ մարոնիներու պատրիարքը: Վեհափառ հայրապետը խօսելով նախագահական ընտրութեան մասին, շեշտեց շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.