ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 29 Օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ բժիշկներ Զարեհ Սիմոնեան, Սերոբ Բակօ Ազիզ, Հայկանոյշ Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ Վարդգէս Գէոնճեան եւ Երուանդ Խաչատրեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ հայերուն, յատկապէս Գամիշլիի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, Հայաստան տեղափոխուած Գամիշլիի հայերուն հայրենիքի մէջ հաստատման համար անհրաժեշտ քայլերը, «Նոր Հալէպ» ծրագիրի իրականացման առնչուած հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ «Հայրենիք-Սփիւռք» 5րդ համաժողովին մասնակցութեան, նախատեսուող նախաձեռնութիւններուն, սուրիահայերուն աջակցելու առնչութեամբ առկայ ծրագիրներուն եւ ապագայի աշխատանքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.