ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, թէ Ռուսիա պիտի շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել Տոնպասի բնակչութեան, որ կը տառապի մարդասիրական աղէտէն։
Յիշեցնենք, որ մարդասիրական օգնութեամբ բերձուած առաջին բեռնատարները շրջանը հասան նախորդ շաբաթ՝ ռուս-ուքրանական սահմանին վրայ մէկ շաբաթ մնալէ ետք։
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ռուսամէտ զինեալներուն կոչ ուղղած է մարդասիրական միջանցք բանալու շրջափակուած ուքրանացի զինուորներուն համար, որպէսզի վերջիններս կարելիութիւն ունենան դուրս գալու մարտի գօտիէն։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բացառած է ուքրանական ճգնաժամին մէջ ամերիկեան ռազմական միջամտութիւնը։
«Մենք ռազմական գործողութիւնները ուքրանական խնդիրի լուծում չենք նկատեր», յայտարարած է ան, միաժամանակ նշելով, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ Սեպտեմբեր 18ին պիտի այցելէ Սպիտակ տուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.