ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Զգուշաւոր հանդարտութենէ ետք, Սուրիոյ սահմանակից Արսալ քաղաքին մէջ կացութիւնը վերստին բռնկեցաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 28ին, երբ լիբանանեան բանակի փոխադրակառք մը թիրախ դարձաւ ահաբեկչական յարձակումի: Փոխադարձ զինարձակումէ ետք, բանակը յաջողեցաւ ազատագրել յարձակման թիրախ դարձած զինուորներէն ոմանք, մինչ զոհ տուաւ բանակային մը, իսկ այլ զինուորի մը հետ հաղորդակցութեան կապը խզուեցաւ:
Արսալի բնակիչներէն շատերը հեռանալով՝ մերձակայ գիւղեր ապաստանիլ ուզեցին: Բախումները, որոնք հիմանկանին մէջ պատահեցան Արսալէն դուրս գտնուող մերձակայ բարձունքներու վրայ, զօրաշարժի մատնեցին երկրի վարիչներն ու ապահովական պատկան կողմերը:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն փոխադրակառք մը փորձած է շրջանցել բանակի մէկ անցարգելը եւ ապօրինի ձեւով մուտք գործել Լիբանան՝ Ռաշայա գաւառի ճամբով: Տասը լիբանանցիներ ու երեք սուրիացիներ փոխադրող կառքը, մերժելով ընդառաջել բանակի անցարգելին ներկայանալու կոչին՝ կրակ բացած է բանակի դիրքին դէմ: Փոխադարձ կրակոցին պատճառով, սպաննուած է սուրիացի մը եւ վիրաւորուած երկու ուրիշ սուրիացիներ: Բանակը ձերբակալած է վարորդը (լիբանանցի մը) եւ անոր ճամբորդները: Յետ քննութեան ի յայտ եկած է, թէ անոնցմէ երեքը ահաբեկչական «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալներ են, իսկ մնացեալ եօթն՝ Սուրիական ազատ բանակի անդամներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.