ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 29 Օգոստոսին տեղի ունեցած է սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի նիստ՝ Գագիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Նիստին ընթացքին յանձնաժողովի անդամները շարունակած են սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի վերաբերեալ քննարկումները, որոնց ամփոփուած եւ թարգմանուած տարբերակը պիտի ներկայացուի «Իրաւունքի միջոցով ժողովրդավարութեան եւրոպական յանձնաժողովի» (Վենետիկի յանձնաժողովի) փորձագէտներուն՝ 10-20 Սեպտեմբերին զանոնք սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին քննարկելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.