
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ պատրաստած թուրք-գերմանացի բենադրիչ Ֆաթիհ Աքինի ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու դէմ արշաւ մը սկսած է: Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ այս նախաձեռնութեան մասին յայտնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարող թրքական կազմակերպութեան ղեկավար Եուսուֆ Ելմազ՝ աւելցնելով, որ Աքին «հայրենիքի դաւաճան է»: Ան վստահեցուցած է, որ պիտի պատրաստուի այլ ֆիլմ մը՝ «հայերու կողմէ թուրքերու սպանութիւններուն մասին», եթէ Աքինի ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուի։