
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն ղեկավարման մարմինի պետ, գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը Յունաստան կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութեան հարցեր:
1-3 Սեպտեմբերի այցելութիւնը կայացած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ, զօր. Միխայիլ Քոսթարաքոսի հրաւէրով:
«Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի պետ, գեներալ Քոսթարաքօսի եւ Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան ալտերնատ նախարար տիկին Ֆոֆի Քենիմատայի հետ հանդիպումների ընթացքում քննարկուել են երկկողմ ռազմական համագործակցութեանն ու տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր», նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Երկուստեք բարձր գնահատած են հայ-յունական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ներկայի մակարդակը եւ զարգացման թափը: Քննարկուած են 2015 թուականին ծրագրաւորուող, ինչպէս նաեւ աւելի երկարաժամկէտ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Խաչատուրով նաեւ այցելած է Յունաստանի ցամաքային զօրքերու հետեւակային դպրոց, ծաղկեպսակ զետեղած է Անյայտ զինուորի դամբարանին վրայ։