ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 4 Սեպտեմբերին գումարուած կառավարութեան նիստին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ամուսնալուծումներու թիւի բարձրացման գծով։
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը յաւելեալ միջոցներ յատկացուցած է արդարադատութեան նախարարութեան՝ ամուսնալուծութեան վկայականներ ձեռք բերելու համար (ընդհանուր գումարը կազմած է մօտ 9 հազար տոլար), քանի որ նախատեսուած թիւը չի բաւեր:
«Ամուսնալուծութիւնների թիւն աւելացե՞լ է», հարցուցած է վարչապետը. Յովհաննէս Մանուկեան պատասխանած է, որ ատիկա իր գործունէութեան հետեւանքը չէ:
«Ես չեմ ասում, թէ դա ձեր գործունէութեան հետեւանքն է, այլ ընդգծում եմ, որ անհրաժեշտ է անել ամէն ինչ, որ ամուսնալուծութիւնների թիւը կրճատուի», շեշտած է Աբրահամեան:
Կառավարութեան ղեկավարը աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասա-տրեանը յանձնարարած է վերլուծել իրավիճակը եւ պարզել ամուսնալուծութիւններու թիւի աճին պատճառը:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ 2014 թուականի ՅունուարՅունիսին Հայաստանի մէջ արձանագրուած 1000 ամուսնութիւններուն դիմաց կայ 258 ամուսնալուծութիւն՝ 2013 թուականի ՅունուարՅունիսի 207 դէպքի փոխարէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.