
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Կառավարութիւնը խոստովանած է, որ տակաւին չէ կրցած լուծել շուրջ չորս տարիէ ի վեր պարապուրդի մատնուած «Նայիրիտ»ի ճակատագիրը:
Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան 4 Սեպտեմբերին կառավարութեան շէնքին մօտ բողոքող նայիրիտցիներուն տեղեկացուց, որ իրենք որեւէ տեղեկութիւն չունին «Ռոսնեֆտ» ընկերութենէն, որ այժմ կը գտնուի արեւմուտքի պատժամիջոցներուն տակ:
Հայաստանի կառավարութիւնը, յիշեցնենք, ռուսական այս ընկերութեան կը կապէ «Նայիրիտ»ի վերագործարկման յոյսը: Զախարեան նախապէս ըսած էր, որ ընկերութենէն առաջարկներ եւ դիտարկման արդիւնքներ կը սպասեն մինչեւ Օգոստոսի վերջը, սակայն այդ ժամկէտը անցաւ եւ ոչինչ։
«Եւ ինձ թւում է, որ «Նայիրիտ» գործարանի հետագայ ճակատագիրը մենք ձեզ հետ միասին պիտի չկապենք միայն «Ռոսնեֆտ»ի հետ: Մենք մեր լուծումները եւ առաջարկութիւնները նոյնպէս պիտի ունենանք: Մենք Սեպտեմբերի 15ին կը ներկայացնենք որոշակի առաջարկութիւնների փաթեթ: Միասին կը քննարկենք, որոշում կը կայացնեն», ցուցարարներուն յայտնեց նախարարը:
Մէկուկէս տարուան աշխատավարձ չստացած նայիրիտցիները, սակայն, նախարարէն յստակ պատասխան կը պահանջէին՝ ըսելով. «Եթէ դեռ յստակ չէ «Նայիրիտ»ի ապագան, ապա ի՞նչ երաշխիք կայ, որ երբեւէ կը ստանանք մեր աշխատավարձերը»:
Զախարեանը յորդորեց այս անգամ սպասեն մինչեւ 15 Սեպտեմբեր, ինչ որ զայրոյթ յառաջացուց ցուցարարներուն մօտ, որոնք պահանջեցին վարչապետին հետ հանդիպիլ, սակայն վարչապետը չիջաւ ցուցարարներուն քով։ Բորբոքած կիրքերը հանդարտեցնելու համար «Նայիրիտ» գործարանի արհեստաւորներու միութեան նախագահ Հրաչ Թադեւոսեան խոստացաւ նամակով դիմել Յովիկ Աբրահամեանին:
Տարիներ շարունակ առանց վարձատրութեան աշխատող մարդիկ, սակայն, կ՛ուզէին իսկոյն լուծուի այս հարցը, ոմանք նոյնիսկ կ՛առաջարկէին փակել Հանրապետութեան հրապարակը, դիմել քաղաքացիական անհնազանդութեան այլ միջոցներու: Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ նման քայլ մը ժխտական անդրադարձ կրնայ ունենալ։
Նայիրիտցիներուն բողոքը աւարտեցաւ մէկ ամսուան աշխատավարձ ստանալու խոստումով, թէեւ անոնցմէ շատեր այլեւս խոստումներու չեն հաւատար։