
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Դատախազ Գէորգ Գէորգեան 8 Սեպտեմբերին Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին միջնորդեց «Ազգային միացեալ նախաձեռնութեան» ղեկավար Շանթ Յարութիւնեանը մեղաւոր նկատել Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 258 յօդուածի 4 մասի յատկանիշներով առաջադրուած մեղադրանքով եւ զայն դատապարտել 7 տարուան բանտարկութեան։
Նշենք, որ 7 տարին այս յօդուածով (խուլիկանութիւն, որ կատարուած է զէնքի կամ իբրեւ զէնք օգտագործուող առարկաներու գործածութեամբ) նախատեսուող առաւելագոյն պատիժն է։
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի։
Նոյն դատաւորը Շանթի անչափահաս զաւակին՝ Շահէն Յարութիւնեանին համար պահանջեց հինգ տարուան բանտարկութեան պատիժ: