ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

2018ին հրատարակեցինք «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» հատորը:
Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք այս հատորի պատրաստութեան համար: Ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկան հետեւեալ իրողութիւնները.
Հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, անմասն չեն մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն, այն Ցեղասպանութենէն, որ ծրագրուեցաւ, որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ, իսկ գործադրութիւնը կատարուեցաւ թուրք ջարդարար զինուորականներու, քաղաքացիներու, բժիշկներու եւ վարձկան խմբակներու կողմէ:
Թուրքը չէ խնայած հայ բժիշկներու դասը: Թուրք բժիշկները եղած են առաջին մեղսակիցները՝ հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպանութեան: Հարիւրաւոր հայ բժիշկներ, ատամնաբուժներ եւ դեղագործներ նահատակուած են, ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ ծառայութեան ընթացքին ժանտախտէ վարակուած են ու մահացած են: Իսկ շատեր, ապրելէ ետք Ցեղասպանութեան գողգոթան, նախախնամութեան կարգադրութեամբ վերապրած են եւ ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը ու շարունակած իրենց բժշկական առաքելութիւնը՝ հանդէպ ողջ մարդկութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին օրերուն, հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուած են, բանտարկուած են, տարագրուած են եւ անմարդկային չարչարանքի ենթարկուած են թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալնուն եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն պատճառով: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմած են հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը թրքավայել վարձատրութիւնն էին հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ բժշկական մարզին հիմնական սիւները:
Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղած են դահճապետերը իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուած են մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով՝ հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն նկատմամբ:
Նահատակուած բժիշկներէն եւ դեղագործներէն անկախ, եղած են մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք պատերազմի, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պապենական կալուածներն ու տուները, ինչքն ու հարստութիւնը, եւ մազապուրծ փախչելով՝ ապաստան գտած են հարեւան երկիրներու մէջ: Հետագային, անոնք ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ մաս կազմած են այսօրուան տխուր իրողութիւնը հանդիսացող ՍՓԻՒՌՔին: Անոնց մէկ մասը իր վախճանը գտած է օտար ափերուն կամ ձուլուած է տեղաբնակ ժողովուրդներու մէջ:
Եղած են նաեւ մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, որոնք ձերբակալուած են ու բանտարկուած՝ Չանղըրըի եւ Այաշի բանտերուն մէջ, ենթարկուած են տաժանակիր չարչարանքներու, սակայն բախտի բերմամբ ազատած են ստոյգ մահէն: Անոնք վերադարձած են Պոլիս եւ վերապրած են: Անոնք բոլորն ալ ծառայած են օսմանեան բանակին մէջ: Եղած են անուանի բժիշկներ եւ հանրածանօթ ազգային-հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ եւ մտաւորականներ: Վերապրողներէն շատերը հեռացած են Թուրքիայէն եւ հաստատուած են հայկական հեռաւոր գաղթօճախներ, ուր իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերած են տեղւոյն հայերուն:
Այս ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկած էր հետեւեալ վիճակագրական արդիւնքները.
1. Նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամնաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբոյժ: Նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:
2. Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:
3. Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբոյժ: Վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:
Վերոյիշեալ գիրքի հրատարակութենէն ետք, երկու տարի շարունակեցինք մեր պրպտումները եւ կարողացանք գտնել նահատակուած մէկ բժիշկ եւ մէկ անասնաբոյժ, վերապրած 87 բժիշկներու, 22 ատամնաբուժներու եւ 37 դեղագործներու անունները, ընդհանուրը՝ 146 վերապրող: Այս վիճակագրական տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն որպէս յաւելուած յիշած ենք 2022ի սկիզբը մեր հրատարակած «Բժիշկին Զ. Խօսքը» հատորին մէջ:
Ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող բժիշկներուն, ատամնաբուժ-ներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը հասած էր 243ի:
Անցնող երկու տարուան ընթացքին յաւելեալ պրպտումներով գտած ենք վերապրող 35 բժիշկներու, 2 ատամնաբուժներու եւ մէկ դեղագործի անունները եւ կենսագրութիւնները: Ուրեմն մեր ուսումնասիրութիւններուն հետեւելով կրնանք ըսել, որ վերապրող բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը կ՛ըլլայ 281:
Այս 38 վերապրողներն են՝ Այվազեան Կարապետ, Ասլանեան Գրիգոր, Արաբեան (Արապեան) Երուանդ, Աքսարալեան Նազարէթ, Բերբերեան (Պէրպէրեան) Սարգիս, Բոնապարտեան (Պոնափարթեան) Խաչատուր, Գազանճեան Վարազդատ, Գալֆայեան Պեռնարտ, Թօփալեան Վարդան, Խրլոբեան Երուանդ, Կէրկէրեան Գէորգ, Կէրկէրեան Օննիկ, Մանուէլեան Երուանդ, Մանուկեան Անդրանիկ, Յովսէփեան Մովսէս, Չաղլասեան Հրանդ, Չաւուշեան Անդրանիկ, Չպլաքեան Յարութիւն,Չիւրիւքեան Վահէ, Պարոնեան Մարտիրոս, Պետրոսեան Յովսէփ, Պիւլպիւլեան Արթուր, Պօղոսեան Խաչիկ, Սավլեան Յովհաննէս, Սուքիասեան Սուրէն, Վարվառեան Հայկ Վարվառեան, Վարդապետեան Գարեգին, Վարժապետեան Տիգրան, Տագէսեան Միսաք, Փասքալ Վահան, Փօթուքեան Վահրամ, Քաջեան Ազատ, Քասունի Տիգրան, Քէլիքեան Համբար-Համբարձում, Քիւփելեան Ներսէս, Գ. Խանդամուր, Փիլաւճեան Խաչատուր, Պասմաճեան Կարապետ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու վերապրողներու կենսագրութիւնները.
ԲԺԻՇԿ ԳՐԻԳՈՐ ԱՍԼԱՆԵԱՆ

Բժիշկ Գրիգոր Ասլանեան ծնած է 1859ին: Հայրական մականունը եղած է՝ Մուրատեան, սակայն յետագային Գրիգոր ընդունած է իր քեռիին՝ Ստեփան փաշա Արսլանեան (Ասլանեան) ազգանունը: Ասլանեան գերդաստանը ունեցած է անուանի 12 բժիշկներ:
Ան աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը:
1884ին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական բարձրագոյն վարժարանը եւ ստացած է բժիշկի կոչում եւ հարիւրապետի աստիճան:
1884-97ին ծառայած է Էտիրնէ քաղաքի զինուորական հիւանդանոցին մէջ:
1897-1907ին ծառայած է Կ. Պոլսոյ Մալթեփէ թաղամասի զինուորական հիւանդանոցին մէջ:
1907-1908ին ծառայած է Եմէնի մէջ:
1908ին սահմանադրութեան հռչակումէն ետք ստացած է հազարապետի աստիճան եւ նշանակուած է Կ. Պոլսոյ Եըլտըզ թաղամասի Նշանճի արքունի զինուորական վաշտի բժիշկ:
Մէկ տարի ծառայած է Ալպանիոյ մէջ եւ կատարած է ժողովուրդէն զէնք հաւաքելու պարտականութիւնը: Վերադառնալէ ետք ղրկուած է Պաղտատ եւ 3.5 տարի ծառայած է տեղւոյն զինուորական հիւանդանոցին մէջ որպէս գլխաւոր բժշկի տեղակալ:
1914ին անցած է կենսաթոշակի:
Նոյն տարին ուղարկուած է Պասրա եւ աշխատած է որպէս քաղաքապետարանի բժիշկ:
1915-18ին ծառայած է Պասրայի զինուորական հիւանդանոցի իբրեւ գլխաւոր բժշկապետ:
Չորս տարի Պասրայի մէջ ապրած է իբրեւ պատերազմական գերի: Հոն իրեն յանձնուած է փոխադրութեան ենթակայ չեղող հիւանդներու բուժումն ու խնամքը:
1918ին, պատերազմի աւարտին, վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ վերջնականապէս անցած է կենսաթոշակի:
Պարգեւատրուած է 4րդ աստիճանի «Օսմանիէ» եւ 4րդ աստիճանի «Մեճիտիէ» պատուանշաններով եւ «Հիճազ»ջ ու «Լիաքաթ» մետալներով:
Մահացած է 1934ին, Նոյեմբեր 3ին Կ. Պոլսոյ էջ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Հայազգի Բժիշկ Գործիչներ», Երեւան, 2020:
2. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Օսմանեան Կայսրութիւնում, Թուրքիայի Հանրապետութիւնում Եւ Հարակից Տարածքներում Բռնաճնշումների Եւ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Հայ Բժիշկներ»? Երեւան, 2014:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ԲԺՇԿՈՒՀԻՆ՝ ԷԼԻԶԱ ՄԵԼՔՈՆ

Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն ծնած է Թուրքիա, 1889ին: Ան ականատես եղած է թուրքերուն ձեռքով կատարուած Ատանայի ջարդերուն, 1895ին, իսկ Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1898ին եւ ապրած է Մեսեչուսեց նահանգին մէջ:
1912ին, ան եղած է առաջին հայ ուսանողուհին, որ յաճախած է Tufts համալսարանի Բժշկական դպրոցը: Ան աւարտած է Բժշկական դպրոցը 1916ին եւ վկայուած է համապատասխան վկայականով: Վկայուելէ ետք, ան հաստատած է իր սեփական դարմանատունը Պոսթընի մէջ: Ան 1922ին աշխատած է New England հիւանդանոցի մանուկներու եւ կիներու բաժանմունքին մէջ, ուր տեսած է հիւանդներ որոնք կը տառապէին սրունքներու խոցերէ եւ ընդլայնած երակներէ (varicose veins):
Ան դարմանած է այս հիւանդները գործածելով առաջին անգամ ըլլալով ներերակային սրսկում, յատուկ դեղով մը: Այս դարմանամիջոցը մեծ ընդունելութիւն գտած է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ սկսած է լայնօրէն գործածուիլ ամերիկացի բժիշկներուն կողմէ:
Այս դարմանամիջոցը ազատած է հազարաւոր հիւանդներ, որոնք անցեալին դատապարտուած էին սրունքներու հատումով (amputation):
Բժշկուհի Մելքոն մասնագիտացած է վիրաբուժութեան մէջ: Կատարած է հարիւրաւոր բարդ վիրահատումներ:
1971ին, ան հիմնած է բժշկական ուսանողներու կրթաթոշակի հիմնադրամ մը, նիւթապէս կարօտեալ եւ յաջողակ ուսանողներու համար:
Բժշկուհի Մելքոնի անունով կոչուած է Tufts համալսարանի սրահներէն մէկը:
Ան առաջին հայ կին բժշկուհին եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն մահացած է 89 տարեկանին, Պելմոնթի մէջ, Մեսեչուսեց:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Eliza A. Melkon, M.D., Allergic Manifestations after the Injection Treatment of Varicose Veins, The New England Journl of Medecine, June 19, 1947.
2. Eliza Melkon, M.D., Anunner.com – Ճանաչենք Հայ Մեծերին:
3. Eliza Melkon, M.D., Treatment of Varicose Veins by the Injection Method, The New England Journl of Medecine, April 4, 1929.
4. Eliza Melkon Obit Boston Globe, Sep. 17, 1978.
Մոնթրէալ