
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յաջորդ տարուան Հայաստանի պետական պիւտճէի նախնական տարբերակը, որ մասնագիտականօրէն կը կոչուի «Պետբիւջէի նախագծի խոշորացուած ցուցանիշների նախնական տարբերակ», արդէն իսկ պատրաստ է:
Ըստ առաջարկուած պիւտճէին՝ գալիք տարի հարկային եկամուտներէն եւ պետական տուրքերէն կը նախատեսուի ապահովել 1 թրիլիոն 131 միլիառ դրամ (շուրջ երկու միլիառ 775 միլիոն տոլար):
Այս տարուան պիւտճէին մէջ, հարկերէն եւ պետական տուրքերէն պիտի գոյացուէր 1 թրիլիոն 97 միլիառ դրամ (շուրջ երկու միլիառ 690 միլիոն տոլար):
Հարկերէն ու պետական տուրքերէն հաւաքուելիք յաւելեալ գումարը՝ շուրջ 85 միլիոն տոլարը, ի՞նչ աղբիւրներէ պիտի գայ: Տնտեսութեան զարգացմա՞ն, ընդարձակմա՞ն, արտածումներու աճի՞, զբօսաշրջութեա՞ն, բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի ապահոված յաւելեալ միջոցներո՞վ: Թերեւս…
Տարուէ տարի նօսրացող բնակչութեամբ տնտեսական աճ ապահովել կարելի՞ է: Թերեւս…
Ստուերը կրճատելով պետական պիւտճէին մէջ յաւելեալ գումար մտցնել կարելի՞ է: Անշո՛ւշտ:
Իշխանութիւնները մտադի՞ր են ստուերը իրապէս կրճատել: Եթէ հաշուենք, որ տարբեր գործօններով (յատկապէս արտագաղթ) հարկային եկամուտները բնականաբար կրնան պակսիլ, ապա հարկերէն ու տուրքերէն ապահովուած յաւելեալ գումարը միայն 85 միլիոն պէտք չէ հաշուել: Լա՛ւ, եկէք այդ թիւին վրայ աւելցնենք քանի մը տասնեակ միլիոններ: Իրապէս այդքա՞ն է միայն ստուերային տնտեսութեան պատճառած վնասը: Անշուշտ ո՛չ: Պարզապէս, իշխանութեան վերնախաւը իր շրջապատի «օլիկարգներուն» հետ այդքա՛նը զիջելու պատրաստ կը թուի ըլլալ:
Իսկ այդ պիւտճէով (նախատեսուածը՝ երեք միլիառ 500 միլիոն տոլար) ո՛չ աղքատութիւնը կը նուազի, ո՛չ աշխատավարձերը կրնան հասնիլ արժանապատիւ մակարդակի, ոչ ալ ազգային անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցները կրնան ապահովուիլ: