
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի օրէնսդիր խորհուրդը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին վաւերացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւն մը:
Ըստ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ նախաձեռնութեան հեղինակն է պատգամաւոր Ֆրետ Նայլ:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Ղահրամանեան մօտէն աշխատած է նահանգային խորհրդարանի անդամներուն հետ՝ անոնց ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումները եւ լարուածութեան վտանգաւոր սրումը Ատրպէյճանի կողմէ:
Նշենք, որ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը հանդիսացող Նոր Հարաւային Կալեսը 2012 Հոկտեմբերին ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: