ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Ֆրանսայի խորհրդարանի, Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան խումբի անդամներ 8 Սեպտեմբերին այցելած են Արցախ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ծերակուտականներ Ալէն Ներին եւ Ժան Պիզէն, երեսփոխան Ժան Մարք Ժերմենը եւ նախկին երեսփոխան Ժագ Ռեմիլյէն:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ֆրանսացի օրէնսդիրները Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորուած են Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանեսեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի աշխատակիցներուն կողմէ: Ֆրանսացի խորհրդարանականները Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի շէնքին մէջ հանդիպում ունեցած են օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրային-քաղաքական եւ գիտակրթական ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները՝ Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան կարեւոր նկատած է ֆրանսացի օրէնսդիրներու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը, որ կը վկայէ Ֆրանսայի ու անոր ժողովուրդին՝ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան սկզբունքներուն անշեղ հաւատարմութեան մասին: Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծած է, որ Արցախի ազատ ու ժողովրդավարական Հանրապետութեան ձեռքբերումները բաց են ամբողջ աշխարհին համար, եւ այս պարունակին մէջ կարեւոր են միջազգային, նաեւ՝ եւրոպական կառոյցներուն, պետական կառավարման ազգային մարմիններուն մէջ գործող, Լեռնային Ղարաբաղի ու անոր ժողովուրդի ճակատագիրին հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող քաղաքական գործիչներու, օրէնսդիրներու կողմէ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի ընկալումը եւ բարոյական աջակցութիւնը: Աշոտ Ղուլեան կարեւոր նկատած է նաեւ Ֆրանսայի՝ որպես ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի միջնորդական առաքելութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ։
Ֆրանսացի խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ղեկավար, ծերակուտական Ալան Ներիի խօսքերով, այցելութիւնը կը կրէ բարեկամական բնոյթ, եւ անոր ընթացքին պիտի ուսումնասիրուին հետագայ համագործակցութեան ուղղութիւնները։ Ըստ անոր՝ ատրպէյճանական–ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքին պէտք է նկատի առնուին ազատութեան, ժողովրդավարութեան սկզբունքները եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կարծիքը։ Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան խումբի անդամ Ժագ Ռեմիլյէ դիտել տուած է, թէ Արցախ կատարած իր ամէն մէկ այցելութեան ընթացքին կը զարմանայ կատարուած փոփոխութիւններով։ Նախկին երեսփոխանը նաեւ ընդգծած է, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի խնդիրի խաղաղ կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի ճանաչումը։
Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայ-ֆրանսական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ, Ալֆորվիլ քաղաքի նախկին քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէ յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ամէն տեսակ ջանք ի գործ կը դնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու համար, որպէսզի վերջիններս կարողանան համաձայնութեան գալ մասնաւորապէս այն հարցին շուրջ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը պէտք է մասնակցի ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման վերաբերող բանակցութիւններուն։
Ֆրանսացի երեսփոխանը յայտնած է, որ յաճախ կ՛այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ լաւ յարաբերութիւններ ունի Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ: «Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը կը յատկանշուի քաղաքապէս կայացած ըլլալու բարձր մակարդակով: Ատրպէյճանցիները, շնորհիւ իրենց նաւթային պաշարներուն, միլիոններ կը ծախսեն եւրոպական խորհրդարաններուն մէջ եւ տարբեր լոպիական աշխատանքներ կը տանին՝ ի վնաս հայկական կողմին: Ատրպէյճանի այդ քայլերը հայկական պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ հայկական կողմին սատարող օտար քաղաքական գործիչները կը պարտաւորեցնէ ատրպէյճանական լոպիական նախաձեռնութիւններուն հակազդեցութեան համար բոլոր կարելի ջանքերը գործադրել», ընդգծած է Ռ. Ռուքէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.