
ՃԵՏՏԱ, Սէուտական Արաբիա, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք, Ծոցի արաբական վեց երկիրները, ինչպէս նաեւ Լիբանան, Եգիպտոս, Յորդանան եւ Իրաք, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին յանձնառութիւն յայտնեցին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տարածքներ բռնագրաւած իսլամ ծայրայեղականներու «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան դէմ պայքարելու:
Արաբական 10 երկիրները, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ համաձայնեցան արգելք հանդիսանալ սահմանակից երկիրներէ օտար զինեալներու ներթափանցման, պայքարիլ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած կազմակերպութեան եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ, անոնց նիւթականի աղբիւրները սահմանափակել, անոնց ատելութեամբ լեցուն գաղափարախօսութեան դէմ պայքարիլ, անոնց անդամները արդարադատութեան առջեւ հաշուետուութեան ենթարկել, այդ կազմակերպութեան եւ այլ խմբաւորումներու գործունէութենէն վնասուած շրջաններու վերակառուցման օժանդակել եւ մարդասիրական գործողութեանց նպաստել, ինչպէս նաեւ՝ աջակցիլ այն պետութեանց, որոնք ամէնէն աւելի վտանգուած են «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութենէն:
Հակառակ ժողովին մասնակցելուն, Թուրքիա մերժեց ստորագրել այս հաղորդագրութիւնը:
Ճան Քերի արաբ ղեկավարներէն արտօնութիւն խնդրած է շրջանին մէջ ռազմակայանները աւելիով օգտագործելու եւ այդ երկիրներու օդային տարածքներէն յաւելեալ թռիչքներ կատարելու համար:
Նշենք, որ նախքան արաբական երկիրները, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու աջակցութիւն յայտնած էր «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան հարուածելու շուրջ ամերիկեան ծրագիրին:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ առանց ՄԱԿի որոշումին՝ Սուրիոյ մէջ թիրախներու ռմբակոծումը նախայարձակման դրսեւորում պիտի նկատուի Մոսկուայի կողմէ: Ռուսական կողմը կ՛ընդգծէ, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է ատիկա ընելու առանց Սուրիոյ օրինական իշխանութեանց համաձայնութեան: Ռուսիա այդպիսի քայլ մը միջազգային իրաւունքի խախտում կ՛որակէ: Մոսկուա նաեւ ունի այն կարծիքը, որ նման յարձակումներու ընթացքին կրնան հարուածներ կրել նաեւ սուրիական կառավարական ուժերը, ինչ որ աւելիով պիտի սրէ սուրիական տագնապը:
Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի նոր պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրայի հետ: Ասատ ըսաւ. «Սուրիոյ եւ շրջանի իրադարձութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարը առաջնահերթութեան վերածեցին, որովհետեւ անիկա վերածուեցաւ բոլորին սպառնացող մեծագոյն վտանգի: Այդ ծիրին մէջ որեւէ յառաջընթաց կը նպաստէ ազգային հաշտութեան, որ մինչեւ հիմա յաջողեցաւ սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ, եւ ներսուրիական երկխօսութեան ուղղութեամբ մեկնակէտ մըն է»:
Վերջապէս, Սեպտեմբեր 11ին ազատ արձակուած են Կոլանի մէջ ծառայող ՄԱԿի խաղաղապահ ուժի 45 անդամներ, որոնք անցեալ ամիս առեւանգուած էին «Քայիտա»ի զինակից «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութեան զինեալներուն կողմէ։