ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առաջին ութ ամիսներուն (Յունուարէն Օգոստոս) արձանագրուած է 27,338 ծնունդ, որուն 14,657ը՝ Երեւանի մէջ: Այս տարի՝ 2013 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով, ծնունդներուն թիւը աւելցած է 920ով: Այս մասին յայտնած են առողջապահութեան նախարարութենէն։
Օգոստոսին Հայաստանի մէջ ծնած է 4179 երեխայ, 2282ը՝ մայրաքաղաքին մէջ: Մարզերէն ամէնէն աւելի ծնունդներ արձանագրուած են Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի եւ Կոտայքի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.