«ԱԶԴԱԿ»
Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած նոր դաշինքը՝ ընդդէմ «Իսլամական պետութեան», տակաւին ձեւ ու մարմին չէ ստացած: Այստեղ այնքա՛ն մշուշոտ է դաշտը, այնքա՛ն տակաւին անորոշ գործընթացներ կ՛արձանագրուին, որ բազմաբնոյթ հարցադրումները չեն ունենար յստակ պարզաբանումներ:
Հարցը կը վերաբերի «Իսլամական պետութեան» շարժումներուն, անոնց գոյառման եւ զարգացման միտումներուն, ֆինանսաւորման, զինման եւ կարմիր գիծերու մէջ առած քայլերուն, գործողութիւններուն եւ վայրագութիւններուն:
Կատարուածներու արդիւնքներէն դատելով՝ քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել, որմէ ետք իրադրութիւնները համեմատել՝ յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ իրականացածներու ընդհանուր պարունակին մէջ:
«Իսլամական պետութեան» հետամուտները ներսուրիական պատերազմի էութիւնը դիմափոխեցին: Սուրիական դասական զինեալ ընդդիմութեան չէզոքացումին մասին կը խօսուի այսօր, ինչ որ սուրիական պատերազմի դաշտը կը բեւեռացնէ վարչակարգ ընդդէմ իսլամականներ կամ քարոզչաքաղաքական բառապաշարով վարչակարգ ընդդէմ ահաբեկիչներ տարազով: Այստեղ արդէն կը ծագի համատարած հարցը: Սուրիական վարչակարգին դէմ դիրքորոշուած Արեւմուտքը տեսականօրէն դիրքորոշուած է նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, որուն նորագոյն մարմնաւորումը կը նկատուի «Իսլամական պետութիւնը»:
Օրին, սուրիական տագնապին միջամտել-չմիջամտելու պարանաձգութիւնը ցուցադրած Ուաշինկթընը այսօր կը թուի աւելի հաստատ քայլերով ընթանալ դէպի միջամտութիւն: Առ երեւոյթ կը թուի, որ եթէ օրին ամերիկեան զինուորական միջամտութեան որոշումը չարդարացնողներ կային, այսօր աւելի՛ համոզիչ կրնայ ըլլալ իսլամական ահաբեկիչներու դէմ կատարուելիք գործողութիւններու որոշումը: Մինչ պաշտօնական Դամասկոսը կը զգուշացնէ բացառել առանց իր համաձայնութեան որեւէ զինեալ գործողութեան իրականացումը իր սահմաններուն մէջ, աւելի պարզ կը դառնայ, որ նման ահաբեկչութեան ծաւալումը անհրաժեշտ պայման էր ամերիկեան հաւանական միջամտութեան:
Եթէ չէզոքացումն ու արմատախլումն է Ուաշինկթընի զինուորական շրջանակներուն նպատակը, ապա ինչը՞ կ՛արգիլէր, որ իրաքեան տարածքներու վրայ իրականանային թէկուզ օդային յարձակումներու լայնածաւալ եւ ոչ թէ սահմանափակ գործողութիւններ: Իրաքի մէջ կատարուած ամերիկեան օդուժի հարուածները պարզ դարձուցին, որ կան տարածքներ, որոնց մէջ իսլամականները կրնան անարգել գործել, եւ այլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտեր, սահմաններ, որոնց մօտենալը արգիլուած է:
Տարածքներու ամայացումը, քաղաքացիներու գլխատումը, վայրագութիւններու ցուցադրութիւնը եւ որոշ շրջաններու մէջ օր ցերեկով կատարուող ցեղային զտումներն ու տեղահանութիւնները անհրաժեշտ պատճառ եւ շարժառիթ չեն, որ միջազգային ընտանիքը սանձէ այս արշաւը: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ խալիֆայական այս շարժումը, տեղ մը ներշնչուած արտաքին կեդրոններէ, այլ տեղ՝ ուղղակի զինուած ու ֆինանսաւորուած կրօնական պիտակին տակ եւ խուճապային ամբոխային տրամադրութիւններու ալիք բարձրացնելով՝ ուղղակի գործիքի դեր կը կատարէ աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութիւններու վրայ:
Գործիքային հանգամանքի եւ գործիքաւորողի վերաբերող տեսութիւններուն մէջ առանց խորանալու, պահ մը կեդրոնանանք շրջանային ուժի դիրքերէն խօսող Անգարայի վերջին պահուածքին վրայ, այնտեղ ընդգծելու համար որոշ կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթներ:
Նման տարրերու զինման, ֆինանսաւորման, տարածման եւ դէպի Սուրիա եւ Իրաք անարգել անցման մասին Անգարայի ունեցած դերակատարութիւնը դժուար է շուքի մէջ ձգել: Ճիշդ է, որ քաղաքական պաշտօնական ամբաստանութիւններ չեն հնչեր այս մասին, այսուհանդերձ միջազգային հեղինակաւոր մամուլի տեսութիւնները այս մասին սեւով ճերմակի վրայ սկսած են գրելու: Անգարան կը թուի, թէ նեղ կացութեան մատնուած է, որովհետեւ հիմա կը հրաւիրուի մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու առաջադրած դաշինքին եւ մասնակցելու պատժիչ գործողութիւններուն: Հակասական դիրքերէ դուրս գալու համար, Անգարա մէջտեղ նետած է Մուսուլի իր դիւանագիտական անձնակազմի պատանդի կարգավիճակին մէջ ըլլալը:
Դաշինքին ընդլայնումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի Թուրքիա կատարած այցելութեան գլխաւոր նպատակն է: Անգարան համաձայնութիւն տուած է համագործակցելու Ուաշինկթընի ծրագիրներուն, սակայն չի պատրաստուիր ռազմական գործողութիւններուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու:
Անկախ այն իրողութենէն, որ խալիֆայութիւնը պարարտ ենթահող է Միացեալ Նահանգներուն համար նոր ռազմական դաշինքներ կազմելու, շրջանի այս կամ այն երկրին մէջ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու եւ ի վերջոյ ազդեցութեան նոր գօտիներ ամրապնդելու, այստեղ Անգարան դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է:
Եւ ճիշդ այս գիծին վրայ, Միացեալ Նահանգներուն եւ իր կողմէ ընդլայնուած դաշինքին պատկանող պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կարեւոր հակասութիւնը կրնայ քաղաքական մակարդակի վրայ գործնական դրսեւորումներ ունենալ: