ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ուշադրութեան կեդրոնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ: Արդարեւ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Սեպտեմբեր 17ին պիտի քննէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններու թեկնածութիւնները՝ առաջադրուած նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչով մը դիմած է ամերիկացի ծերակուտականներուն՝ ուշադիր եւ մանրամասն քննելու Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուին հարցը, միաժամանակ կոչ ընելով ամերիկահայերուն, որ նման կոչերով դիմեն ծերակուտականներուն՝ այցելելով anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=63312396 կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.