ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիէ Աֆխամ յայտարարած է, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գործող «Իսլամական պետութիւն» կոչուող խմբաւորումին դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին գործունէութեան իրաւական հիմքերը կասկածներ կը յարուցեն:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Աֆխամ յայտարարած է. «Միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն՝ դաշինքի օրինականութիւնը մեծ հարցականի տակ է: Անիկա ձեւաւորուած է առանց ՄԱԿի որոշումներուն»:
Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցած են, թէ Նիւ Եորքի մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.