ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կառավարութեան նիստին կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Մանուկ Մկրտչեան յայտնած է, որ արտասահմանի մէջ ուսում ստացածներուն 60 տոկոսը կը վերադառնայ Հայաստան: ««Լոյս» պետական հիմնադրամի ծրագրով սովորելու նպատակով արտասահման մեկնած ուսանողների մեծ մասը վերադառնում է եւ անցնում աշխատանքի՝ ի նպաստ մեր երկրի տնտեսութեան», յայտարարած է Մկրտչեան:
Յիշեցնենք, որ պետութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Լոյս» հիմնադրամը կը ֆինանսաւորէ աշխարհի ամենավարկանշային համալսարաններու մէջ ընդունուած տասնեակ Հայաստանի ուսանողներուն ուսուցումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.