Սեպտեմբեր 6, 2014ին, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի յիսնամեայ յոբելեանին իմ խօսքին մէջ մոռցայ յիշելու հետեւեալները, որուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ։
Դպրոցի առաջին տարին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետն էր տոքթ. Օննիկ Քեշիշեանը, որ թելադրեց եկեղեցւոյ պատկանող շէնքին մէջ բանալ դպրոցը։ Հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ համաձայն գտնուեցաւ եւ ստանձնեց դպրոցին հովանաւորութիւնը։ Հոգաբարձութեան միւս անդամներն էին տէր Վահրիճ Շիրինեան, Աշոտ Պապայեան, փաստաբան Արմանտ Քէօսեան, Հէրրի Սարգիսեան, Վարդան Թահմիզեան, Ֆլորինտօ Արքլին, Յակոբ Ինճէճիկեան եւ Էտուըրտ Թաշճեան։
Առաջին տարին դպրոցը ունեցաւ 17 այցելու (ոմանք կամաւոր) եւ մէկ մնայուն ուսուցչուհի՝ Լիլի Մրիկեան, որ յաջողութեամբ վարեց Անգլերէնի բաժինը եւ դպրոցին «Յաղթանակ» պարբերաթերթը՝ 5 հազար տպաքանակով։
Յաջորդող 15 տարիներուն տոքթ. Սուրէն Սարոյեանը ստանձնեց դպրոցին հոգաբարձութեան ատենապետութիւնը եւ ամէն ամսավերջին դպրոց կու գար հասկնալու, թէ որքան բաց կար պիւտճէին մէջ, եւ անձնական չէքով կը գոցէր բացը։
Շնորհակալութեամբ՝
Գաբրիէլ Ինճէճիկեան
09.15.14
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.