ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատին առնչուող դաստիարակչական դասախօսութիւններու շարքին, Չորեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2014ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարան հրաւիրուած էր «Մաշտոց» քոլեճի հիմնադիր դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, որպէսզի ցուցադրէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ անցեալէն ու ներկայէն պատկերներ, զորս նկարահանած է նախորդ տարիներուն իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, եւ պատմէ իր փորձառութիւններուն ու տպաւորութիւններուն մասին:
Հաւաքին ներկայ էին վարժարանի 11րդ եւ 12րդ կարգի աշակերտներ, վարժարանի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան եւ դասատուներ: Հայերէնի ուսուցչուհի Անի Պերթիզլեան, աշակերտներուն ներկայացնելէ ետք դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը՝ հրաւիրեց զայն, որպէսզի դասախօսէ, ապա առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն հարցումներ ուղղելու եւ բացատրութիւններ ստանալու:
Խօսելով Պատմական Հայաստան իր այցելութան մասին՝ դոկտ. Տէր Եղիայեան ըսաւ. «Ինչո՞ւ ամէն տարի պէտք է այցելել Արեւմտեան Հայաստան: Նպատակը շատ յստակ է: Առաջին՝ մեր արմատներուն հետ մեր ժամադրութիւնն է, մեր արմատները այնտեղ են եւ չենք կրնար այդ արմատները չորցնել, երկրորդ՝ հանրային դիւանագիտութիւն է. երբ կ՛երթանք, մարդիկ կը հետաքրքրուին, թէ հայերը իրենց գիւղերը այցելութեան կու գան, քանի որ այդ շրջանները ոչ ոք կ՛այցելէ»:
«Ինծի համար Պատմական Հայաստան այցելութիւնը ազգային առաքելութիւն է», աւելցուց ան իր խօսքին մէջ:
Աշակերտները մէկ ժամ տեւողութեամբ, սահիկներու միջոցով ուխտագնացութեան գացին դէպի Ատանա, Իսկէնտէրուն, հերոսական Մուսա լեռ, դաշտային Կիլիկիոյ մէջ գտնուող Տարսոն քաղաք, Սիս, Հաճըն, Զէյթուն, Մարաշ, Այնթապ, Պերեճիք, Ուրֆա, Պիթլիս, Վան, Աղթամար, 10րդ դարու Հայաստանի մայրաքաղաք Անի, Կարս, Համշէն, Հոբա, Կարին, Տիգրանակերտ, այցելեցին կիսաքանդ կամ քարուքանդ վանքեր եւ եկեղեցիներ, ծանօթացան հայկական ճարտարապետութեան եւ պատկերներով ականատես եղան թուրք կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուած հայկական կալուածներու բնաջնջման աշխատանքներուն, միեւնոյն ժամանակ լսեցին իւրաքանչիւր վայրի պատմականը, որ կ՛երաշխաւորէ թուրք կառավարութեան կողմէ մեր հողերուն եւ կալուածներուն բռնագրաւուած ըլլալու փաստը:
Սրահը խոր լռութեան մէջ էր. իւրաքանչիւր աշակերտի աչքերուն մէջ ակնյայտ էր պահուած ցասումը, որ կարծես վերածուած էր սրբազան ուխտի մը՝ ազատագրելու բռնագրաւուած մեր հողերը: Դասախօսին եւ դասատուներուն համար հպարտութիւն էր տեսնալ այն հայկական ոգին, զոր հայ դպրոցը կրցած էր փոխանցել ապագայ Հայ Դատը հետապնդող նոր սերունդներուն:
Վերջաւորութեան, առիթ տր-ուեցաւ աշակերտներուն, որ իրենց հարցումները ուղղեն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին, որ իր կարգին համբերութեամբ պատասխանեց բոլորին:
Հաւաքը վերջ գտաւ բուռն ծափահարութիւններով՝ ուղղուած դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, ի յարգանք իր կատարած բացառիկ աշխատանքին եւ բացատրութիւններուն, որոնցմով կարելի եղաւ աշակերտները տանիլ դէպի իրենց արմատները, ինչպէս նաեւ՝ յուշանուէրին, զոր ան սիրայօժար նուիրեց վարժարանին: