ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
_ Ի՞նչ է ուզածդ, կեա՞նք, թէ ապրուստ,- հարցուցի մէկու մը, որ կը խորհէր նախ մեծ գումար հաւաքել ու ի պահ դնել, հետագային զայն վայելելու համար, ու անով տնտեսելու իր կեանքը:
Պատճառաբանութիւններու չլս-ուած տեսակները կը շարէր ան կողք-կողքի, անհատնում օրինակներով զանոնք ամրագրելու փորձեր եւս կատարելով, շեշտելու համար ապրուստին կարեւորութիւնը: Իսկ ես փորձեցի բացատրել, թէ ի՞նչ արժէք պիտի ունենայ վաստակած ապրուստդ, երբ կեանքդ սպառես ապրուստ հաւաքելու ճամբուն վրայ…
Այս շփոթը երիտասարդութեան կեանքին մէջ ալ սկսեր է յայտնուելու ներկայ ժամանակներուն, երբ շա՛տ եւ շո՛ւտ դրամ շահելու ճամբուն վրայ, անոնք ապագայ կերտելու յաւելեալ ճիգ կը կատարեն: Վստահաբար մասնաւոր արեւելում պէ՛տք է տրուի երիտասարդութեան, որպէսզի կարենայ կողմնորոշուիլ եւ կերտել իր ապագան: Սակայն ապագան կերտելու սիրոյն կեանքը տուժել՝ յիմարութիւն է պարզապէս:
Կեանք բառի ճշգրիտ իմաստին քիչեր միայն կրցած են թափանցել: Ատոր նշանակութիւնը ամբողջովին հասկցողները անոնք են, որոնք կեանքը իսկապէս կը սիրեն: Կեանքը պէտք է սիրել՝ զայն ապրելու համար: Անոնք որոնք կեանքը չե՛ն սիրեր, կը հրաժարին անկէ տարբեր ձեւերով. ոմանք անձնասպանութեամբ, ոմանք իրենց նմանին հանդէպ ոխ, ատելութիւն ու թշնամանք սնուցանելով, ուրիշներ ներամփոփ կեանքի ու մելամաղձոտ առանձնացումի ենթարկելով իրենց անձը ու այլ կերպերով:
Կեանքին հաճելի ըլլալը չգիտնալու եւ զայն վայելելու իմաստութիւնը չունենալուն հետ առնչուած են անոր հետ սխալ վարուելու բոլոր երեւոյթները: Ինչո՞ւ նեղուիլ կեանքէն, երբ անիկա եղած է մեզ երջանկացնելու համար: Պարզապէս այս կեանքին մէջ մեր գոյութեան պատճառը եւ մեր իսկական տեղը չիմանալու հետեւանք է կեանքէն նեղուելու անհիմն երեւոյթը:
Նախամարդուն դրախտային իրավիճակը ու մեղքէ զուրկ եւ ամէն մտահոգութենէ հեռու ըլլալու փոխաբերական պատկերները, յստակ գաղափար կու տան մեզի թէ՝ Արարիչը այս կեանքը մեզի պարգեւած է մեզ երջանկացնելու համար: Ուրեմն ան որ արժէքը չի՛ գիտեր այս մեծ հարստութեան, պարզապէս արժանի չէ՛ այդ մեծ շնորհքին:
Կեանքէն նեղուած, ու աշխարհէն անտեղի վրդովածներ յաճախ կը խօսին մահուան մասին: Այս մոլորակէն մարդոց մեկնումը մեզի չի՛ վերաբերիր: Բնախօսութեան անխախտ օրէնքը ուշ կամ կանուխ ատիկա պիտի գործադրէ անվրէպ, վարպետ նշանառուի նման մէկ առ մէկ «որսալով» այս կեանքին մէջ ծնած բոլոր էակները, ըլլան անոնք հարիւրաւոր տարիներ ապրող ծովասոյզ կրիաներ, երկինքի կապոյտին հաւասար ճախրող երկարակեաց արծիւներ, միօրեայ կեանք ունեցող թիթեռներ, թէ՝ իր ժամանակին ու օրուան սահմանուած բանաւոր մարդ էակներ: Ուրեմն, ինչո՞ւ աճապարանքը, փութկոտութիւնը կամ աւելորդ մտահոգութիւնը կեանքի տեւողութեան համար:
Աւելորդ մտահոգութիւնը նաեւ ապրուստի ճամբով կերտուելիք ապագայի համար իսկապէս անիմաստ է, եթէ կշիռքի միւս նժարին մէջ դնենք մեր կեանքը: Կեա՞նքը կարեւոր է, թէ ապրուստը: Ոմանք պիտի ըսեն՝ անոնք զիրար կը լրացնեն: Այո՛, համաձայն ենք, սակայն երբ անոնց համահաւասար արժէ՛ք տրուի, իւրաքանչիւրին տալով համապատասխան տեղ մեր կեանքին մէջ: Իսկ երբ միայն ապրուստը նկատի ունենանք, օր մըն ալ պիտի տեսնենք, թէ ատոր դժուարութիւնները բառնալու մեր ամբողջ ճիգին մէջ մոռցած ենք բուն արժէքը՝ կեանքը, որուն համար կը խորհէինք պայքարած ըլլալ, տրամադրելով մեր ամբողջ ժամանակը: Այս ճիգը թափողներուն այնպէս կը թուի, թէ կեա՛նքը կը դաւանին առաջնահերթ, սակայն ապրուստը ճարելու իրենց հեւքոտ վազքին մէջ յանկարծ պատրանաթափ կ՛ըլլան, տեսնելով որ կորսնցուցեր են իսկականը՝ կեանքը:
Տրուած պատճառաբանութիւններուն մէկ մասն ալ ոմանք կը բարդեն իրենց հակառակորդներուն վրայ: Անոնք այնպէս կը խորհին, թէ զիրենք ատող մարդիկ միշտ արգելք պիտի հանդիսանան իրենց յաջողութեան: Անոնք չունին տրամաբանութիւն, գիտնալու, թէ հակառակորդները միայն ժամանակաւոր վրդովում կրնա՞ն պատճառել մեզի կամ թէ՝ անոնց մախանքի մրուրը միայն որոշ ժամանակ կը մնայ մեր հոգիին յատակը, բայց ատոր դատարկուելովը, մեր էութիւնը դարձեալ կը մաքրուի եւ մեր ունեցած անխառն սէրն է, որ կը գոյատեւէ միայն:
Հակառակորդներէ ունեցած կասկածն ու երկիւղը, հետեւաբար, երբեմն պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ թողուն կեանքը իր բոլոր հաճոյքներով, ու երթան անյագօրէն դրամ վաստկելու անծայր ճանապարհով, կորսնցնելով ամէնէն թանկագինը՝ կեանքը:
Կեանքը աւելի՛ կ՛արժէ քան՝ ապրուստը: Ասոր մասին առարկութիւն կարելի չէ՛ ընել, այնպէս ինչպէս մարմինը աւելի կ՛արժէ, քան՝ հագուստը, ինչպէս կը սորվինք Յիսուսի մտածողութենէն (Մտ 6.25): Հիւանդ մարմինը ի՞նչ ընէ գեղեցիկ հագուստը: Հիւանդանոցին մէջ կռնակին վրայ փռուած հիւանդին խօսիր ամէնէն նորաձեւ զգեստին մասին, ան քեզի պիտի պատմէ ի՛ր «զգեստին», իր մարմնի ցաւերուն մասին…
_ Ի՞նչ է ուզածդ,_ դարձեալ կրկնեցի իր աշխատանքին անքակտելիօրէն փարած մարդուն: Սակայն դեռ չէր կրնար ազատել ան իր անձը առօրեայ բաներու նկատմամբ ունեցած նողկանքէն ու զուր կը ճգնէր ապրուստ ապահովել՝ կեանք ունենալու համար… Յստակ էր, որ ան չէր կրնար ոչ ոքի վստահիլ իր հոգիին խռովքը ու ատոր դատարկութիւնը կ՛ուզէր լեցնել դրամ շահելով:
Փցուն մտահոգութիւններով ու հիւանդագին հաշիւներով լեցուն կարաւաններ ամէն օր կ՛անցնին մեր կեանքի թաղերէն: Մէկուն գլուխը միւսին պոչին կապուած ուղտեր շա՜տ կը տեսնենք երկար շարաններով, սակայն երանի՜ անոր, որ այդ կարաւաններէն մէկուն կամ միւսին ետեւէն, շղթայուած ոտքերով վազող ստրուկներու ամէնէն ստորնացուցիչ կացութենէն կը փրկէ իր անձը: Հնչուն ոսկիներով լեցուն եւ լաւ ապրուստ ապահովող կարաւաններ են անոնք, որոնց սիրոյն ոմանք նոյնիսկ կը կ՛ուզեն կամաւորաբար գերեվարուիլ: Սակայն կասկած չկայ, թէ կեանքը աւելի՛ կ՛արժէ, քան՝ ապրուստը…