ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Այս շաբթուան ընթացքին, «Նիւ Եորք Թայմզ» յօդուածներ հրատարակած էր իսլամ ծայրայեղականներու նիւթական աղբիւրնեուն վերաբերեալ՝ եզրակացնելով, թէ «Իսլամական պետութեան» եկամուտին կարեւոր մէկ մասը կու գայ Թուրքիոյ աժան գինով ծախուող քարիւղէն։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «տգեղ եւ սուտ» որակած է այս պնդումը, սակայն Սեպտեմբեր 18ին, թերթին խմբագրութիւնը հակադարձած է՝ նշելով, որ յստակ փաստեր ունի իր լրատուութեան առնչուող։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.