
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19ին յայտարարած է, թէ Մինսկի խմբակի համանախագահները Հոկտեմբերին Երեւան եւ Պաքու պիտի այցելեն։
«Մտադիր ենք հանդիպիլ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ Նիւ Եորքի մէջ կայացող ՄԱԿի 69րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս: Հոկտեմբերի հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկենք օրակարգը, փաստաթուղթերու ստուգումը պիտի կատարենք», ըսած է ան:
Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ բանակցութիւններուն ակնարկելով՝ Փոփով ըսած է, թէ «Անոնք բաւական աշխուժութեամբ կը շարունակուին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, համանախագահներու միջնորդութեամբ: Այլ հարց է, որ բարձր մակարդակի կապերուն մէջ դադարը երկարաձգուած է. վերջին հանդիպումներէն առաջ կայացած գագաթնաժողովը տեղի ունեցած էր 2013ի Նոյեմբերին: Այդ պատճառով ալ, կարեւոր էր արդէն, որ այսքան երկարատեւ ընդմիջումէ ետք՝ նախագահները դարձեալ նստին մէկ սեղանի շուրջ, ինչ որ կը վկայէ չլուծուած հարցերուն լուծում տալու համատեղ ձգտումին մասին: Սոչիի հանդիպման առանձնայատկութիւնը այն էր, որ անիկա կ՛ընթանար սահմանի եւ շփման գիծի իրադրութեանց կտրուկ լարուածութեան պայմաններուն մէջ: Կը կարծեմ, որ հոն յայտարարուած՝ խաղաղ միջոցներով, բանակցութիւններու ուղիով կարգաւորման հասնելու հաւատարմութիւնը հիմնականին մէջ նպաստած է անոր յաջորդած իրադրութեանց կարգաւորման: Ամերիկացի գործընկերս տեղեկացուցած է, թէ Կալեսի մէջ խօսուած է բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Նախագահներուն կոչ եղած է հրաժարելու ուժի կիրառումէն: Նման կոչի մը դժուար է չհամաձայնիլ, քանի որ տուեալ մօտեցումը բազմիցս հնչած է համանախագահ երկիրներու համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ: Կը կարծեմ, որ Փարիզի գագաթնաժողովը նոյնպէս կրնայ նպաստել համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են «եռեակ»ին կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքները գործնական հարթութեան տեղափոխելուն եւ կայուն կարգաւորման հասնելուն», նշած է Փոփով։