
ԱԲՈՎԵԱՆ, «Ա1+».- Ընդդիմադիր եռեակի մարզային հանրահաւաքներու մեկնարկը տրուեցաւ Աբովեան քաղաքէն: Եռեակի ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ իրենց նպատակը երկիրը կործանումէն փրկելն է: Ընդդիմադիր գործիչներուն ունկնդրելու եկած էին քանի մը հազար հոգի:
Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան (ԲՀԿ) Ազգային ժողովի խմբակցութեան քարտուղար Նաիրա Զոհրաբեանի կարծիքով՝ երկիրը յանցագործներու եւ կաշառակերներու ճիրաններուն մէջ կը գտնուի:
Ի տարբերութիւն ԲՀԿի՝ «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչը ուղղակի խօսեցաւ իշխանափոխութեան մասին: Այլ տարբերակ չունինք, յայտարարեց Արմէն Մարտիրոսեան:
«Վարչապետին փոխելով ոչինչ չի փոխուի: Ենթադրենք Յովիկին հանեցին, ո՞վ պիտի գայ, Գալուստը՞… Ուրեմն պէտք է իշխանափոխութիւն, որպէսզի իրականացուեն իրական բարեփոխումներ»:
Եթէ ամբողջական իշխանափոխութիւն չիրականանայ, ապա Հայաստանի ճակատագիրը աւելի դաժան պիտի ըլլայ, նկատեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը:
Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ ԲՀԿ անդամ Վարդան Օսկանեան, որ իր ելոյթը աւարտեց հետեւեալ խօսքերով. «Արդէն որերորդ ամիսն է՝ մենք սպասում ենք, մենք քննութեան ենք դրել կառավարութեանը եւ նոր վարչապետին, արդէն գիտենք, որ համարեա ոչինչ չի կատարուել: Քաղաքականութիւնը եւ գործարարութիւնն այնքան են սերտաճել իրար հետ, որ մէկը միւսին լրացնում է: Այսօր ընդդիմութիւնը մեծ հնարաւորութիւն է ստեղծել արմատական փոփոխութիւններ անելու: Միացէք մեր կոչին, մենք ունենք ծրագիր, որը տեղ է գտել տասներկու կէտերում»:
Այնուհետեւ Վարդան Օսկանեան բոլորին հրաւիրեց Հոկտեմբեր 10ին մասնակցելու Ազատութեան հրապարակին վրայ կայանալիք միասնական հանրահաւաքին, որպէսզի միասին իշխանութիւններուն պարտադրեն արմատակ