ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմՌատիօ».- Հայաստանի վարչապետ, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի (ՀՊՏՀ) խորհուրդի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ՀՊՏՀին մէջ մասնակցած է Բրիտանական առեւտուրի դպրոցի բացման արարողութեան, ան շրջագայած է դպրոցին մէջ՝ ծանօթանալով ստեղծուած ուսումնական պայմաններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Ողջունելով դպրոցի հիմնադրութիւնը՝ Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ կրթութեան ոլորտը Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է, եւ պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ երկրի կրթական համակարգի շարունակական կատարելագործման եւ արդիականացման խնդիրներուն: Այս պարունակին մէջ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է կրթութեան բնագաւառին մէջ մեծ նախագիծի իրականացումը՝ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով Պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ Բրիտանական առեւտուրի դպրոցի հիմնումը:
Ան շատ կարեւոր նկատած է բրիտանական առաջատար փորձառութեան կիրարկումը Հայաստանի մէջ: Անոր համաձայն՝ այս նախաձեռնութիւնը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու միջազգայնացման, համալսարաններու հեղինակութեան բարձրացման լաւ օրինակ է: «Յատկապէս կարեւորում եմ այն հանգամանքը, որ լինելով միակը մեր տարածաշրջանում՝ Բրիտանական բիզնես դպրոցը ձեռք է բերում տարածաշրջանային կարգավիճակ՝ ընձեռելով նաեւ օտարերկրացիներին բրիտանական չափանիշներին համապատասխան կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն», ըսած է Յովիկ Աբրահամեան՝ յոյս յայտնելով, որ այս նախագիծի իրականացումը խթան պիտի հանդիսանայ նաեւ Հայաստանի այլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն համար:
Կառավարութեան ղեկավարը համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ աշխարհի առաջատար համալսարաններու հետ կապերն ու համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ հայաստանեան կրթական համակարգի հետագայ զարգացման:
Հայաստանի մէջ Բրիտանական առեւտուրի դպրոցը հիմնուած է Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի եւ «Կլոպըլ Էճուքէյշըն» ընկերութեան միջեւ համագործակցութեամբ։
Հայաստանի կառավարութեան 2013ի որոշումով՝ միացեալ առեւտուրի դպրոցի բաժնեմասի 51 տոկոսին պիտի տնօրինէ «Կլոպըլ Էճուքէյշըն»ը, 44 տոկոսին՝ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը, իսկ 5 տոկոսին՝ Հայաստանի կառավարութիւնը:
Առեւտուրի դպրոցը 29 Օգոստոսին յայտարարած է, որ կ՛ընդունի առեւտրական կառավարման բրիտանական մագիստրոսական ծրագիրի հետեւիլ ուզողներուն դիմումները: Դասընթացը յաջողութեամբ աւարտած ուսանողները պիտի ստանան բրիտանական միջազգային ճանաչում ունեցող Անգլիա Ռասկին համալսարանի մագիստրոսի վկայական:
Դասաւանդումները պիտի կատարեն Բրիտանիայէն ժամանած դասախօսները՝ տեղացի բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներու հետ համագործակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.