
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Այս տարուան առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է իգական սեռի նկատմամբ բռնութեան 1501 դէպք, որմէ 374ը՝ ընտանեկան բռնութիւն է: Նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած է անչափահասներու նկատմամբ բռնութեան 138 դէպք:
Ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետ գնդապետ Նելլի Դուրեան այս տուեալներուն կողքին ներկայացուց նաեւ նախորդ տարուան տուեալները: Անցեալ տարուան ընթացքին արձանագրուած է իգական սեռի նկատմամբ բռնութեան 2054 դէպք, որմէ 580ը՝ ընտանեկան: Անչափահասներու նկատմամբ արձանագրուած է բռնութեան 245 դէպք: