ԱՐՏԱԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Առանց սնափառութեան եւ առանց յաւակնութեան, իբրեւ պատմական իրողութիւն, մեծ ուրախութեամբ թուղթին կը յանձնենք նկարագրութիւնը այն յիշարժան երեկոյթին, որ տեղի ունեցաւ բարձր հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան, Սեպտեմբեր 18, 2014ի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գտնուող հանրածանօթ «Pheonicia» ճաշասրահի նորակառոյց սրահին մէջ, առ ի գնահատանք 2014 տարուան եկեղեցւոյս ազնուահոգի բարերարներուն։
Արդարեւ, նկատի ունենալով եկեղեցւոյս բազմապիսի կարիքները, բարեզարդման եւ վերանորոգութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը որոշեցին դրամահաւաք կազմակերպել: Ուստի, սոյն նպատակի իրագործման համար յատուկ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւներ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի, Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ խորհրդատու անդամներ Վարանդ Մելքոնեանի, Արա Մարտիրոսեանի, Արա Շապանեանի, Կարօ Քիւրքճեանի, Ռոնի Ղարիպեանի, Քըրք Գապագլեանի եւ Հուրիկ Ֆուռնուզեանի, որոնք հաւատալով Աստուծոյ տան գործի յաջողութեան՝ հոգիով ու սիրտով, բանիւ եւ գործով ձեռք մեկնեցին իրարու եւ լծուեցան աշխատանքի, եւ որոնց համար կրնանք անվարան յայտնել, թէ վերջին երեսուն տարիներու պատմութեան մէջ իրականացուցին գերազանցապէս յաջող, իւրայատուկ եւ աննախընթաց դրամահաւաքի ծրագիր մը:
Երեկոյթը մէկտեղած էր շուրջ 160 պատուական հրաւիրեալներ, որոնք կա՛մ նախօրօք նուիրատուութեան խոստում կատարած էին, կա՛մ արդէն իսկ յանձնած էին իրենց նուէրները:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձու եւ յանձնախումբի անդամ Արա Շապանեան բացման եւ բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին եւ կարեւորութեան, ներկայացուց դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամները, ապա հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը, որ ներկայացուց օրուան գլխաւոր հիւրերը՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը, ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը: Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ շեշտեց Կլենտէյլի հայ գաղութի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուելու եւ աղօթելու կարեւորութիւնը: Ան ջերմութեամբ, սիրով եւ ուրախութեամբ լի մթնոլորտի մէջ պահեց ներկաները՝ յաճախ համեմելով իր խօսքերը իրական կեանքէ առնուած դրուագներով. մինչեւ երեկոյի աւարտը, ան ձեռնհասօրէն եւ լաւագոյնս կատարեց իր յանձն առած պարտականութիւնը:
Աւարտին, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը պատկերէր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային կատարուելիք նորոգութիւններու վայրերը:
Ընթրիքի պահուն, ներկաները հաճոյքով վայելեցին ընկերային մթնոլորտը: Սեղանակիցներ մտերմիկ զրոյցներ կ՛ունենային ազգային, եկեղեցական եւ հայրենական զանազան հարցերու շուրջ: Մտածումներու փոխանակումներ ունենալով՝ կը բաժնեկցէին նաեւ գաղութի հայկական կեանքը վերաշխուժացնելու կարելիութեանց գաղափարները: Կարգ մը ներկաներ պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէին աշխատակցելու եւ գործակցելու հոգաբարձութեան հետ, որպէսզի առաւելագոյն հոգածութեամբ գուրգուրանքի առարկայ դառնայ Աստուծոյ սուրբ տունը: Մինչ այդ, աքորտիոնիստ Լեւոն Անդրէասեան, իր ճարտար մատներով կը ներկայացնէր բազմերանգ երաժշտութիւն մը, որով մեծապէս կը հմայէր երաժշտասէր ներկաները: Բուրումնաւէտ հայկական սուրճի սպասարկումը կու գար յայտարարել ընթրիքի աւարտը:
Հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքի յարգարժան քաղաքապետ իրաւաբան Զարեհ Սինանեան, հրաւիրուելով հանդիսավարին կողմէ՝ անկեղծ արտայայտութեամբ, գնահատանքով եւ գովասանքով արտայայտուեցաւ գաղութիս մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ունեցած դերին, գործունէութեան եւ կարեւորութեան մասին: Ապա, շնորհաւորելով հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւնը եւ ձեռնարկի կազմակերպիչները՝ քաջալերեց զանոնք եւ յոյս յայտնեց, որ շարունակուի սոյն եկեղեցաշէն երթը։
Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Առաջին հերթին, ան սրտագին շնորհաւորեց միասնական ջանքերով եւ գործակցութեամբ շահուած բոլորիս յաղթանակի երեկոն եւ յանուն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, անխտիր, որոնք կամովին, սիրայօժար եւ սրտանց կատարած էին իրենց նուիրատուութիւնները՝ Աստուծոյ գանձանակին մէջ նետելով իրենց լումաները. ապա, վերանորոգ ուխտով խոստացաւ նոյն հաւաքական ջանքերով եւ նուիրաբերման ոգիով շարունակել նախատեսուած ծրագիրներու իրագործումը, միշտ նկատի ունենալով անշուշտ առաջնահերթութիւններու կարեւորութիւնը: Կ. Էշկիեան հրաւէր ուղղեց ներկայ բարերարներուն ու գաղութի հաւատացեալներուն, որ այս օրերուն եկեղեցի այցելեն եւ ականատես վկաները ըլլան կատարուած նորոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն: Ան նաեւ աւետեց 2015 տարուան ընթացքին փառաշուք կերպով եկեղեցւոյս հիմնադրութեան 40 ամեակը տօնելու ծրագիրը:
Ատենապետին խօսքէն ետք, հանդիսավար Քասախեան հանդէս գալով հրաւիրեց դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Դոկտ. Յովսէփեան առաջին հերթին դրուատիքով արտայայտուեցաւ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան կատարած աշխատանքին մասին, կարեւոր համարեց եկեղեցւոյ դերը նաեւ մեր ազգային կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալով հանդերձ, նաեւ ազգին տունն է»: Մէջբերելով Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքերը՝ ան ըսաւ. «Եկեղեցին, ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան պէտք է տանիլ»: Դոկտ. Յովսէփեանի խրախուսիչ եւ քաջալերական խօսքէն ետք, հրաւիրեալներէն ոմանք առաւել խանդավառուած՝ ցնծագին ուրախութեամբ ականջալուր դարձուցին ներկաներս անակնկալ նուիրատուութիւններու, որոնց անուանացանկը յաջորդաբար ընթերցուելով ի յայտ եկաւ, որ այդ օրը, 27,000 տոլարի յաւելեալ նուիրատուութիւն կատարուելով գոյացաւ 300,000 տոլարի պատկառելի գումար մը:
Տէրը բացայայտօրէն գործած էր ներկաներու հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ։ Իւրաքանչիւր հայորդի բարի նախանձախնդրութեամբ լեցուած կը գիտակցէր, թէ որքան կարեւոր է, նոյնիսկ մեր սեփական տուներէն աւելի, հոգածու ըլլալ երկրի վրայ երկնաւոր հօր բնակարանին՝ եկեղեցիին, քանզի Աստուած ինք է պարգեւիչը մեր ունեցած բոլոր բարիքներուն, ըլլան անոնք մեր հարստութիւնը, ստացուածքները, ընտանիքները, զաւակները, կեանքը, սիրտի, միտքի, հոգիի խաղաղութիւնը, առաւօտեան նոր արեգակը եւ այլն. հետեւաբար, պէտք չէ մոռնալ «տալ զԱստուծոյն Աստուծոյ»։
Այժմ պահն էր լսելու թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հայրական խօսքը. ան ընդառաջելով օրուն հանդիսավարի հրաւէրին՝ նախ գնահատեց քաղաքապետարանի գարտուղար, հանդիսավար Արտաշէս Քասախեանի տարած աշխատանքը, ապա շնորհաւորեց յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկը ու մեծապէս գնահատեց հոգեւոր հովիւներուն, դրամահաւաքի յանձնախումբին եւ հոգաբարձական կազմի անդամներուն վաստակը, շնորհաւորեց բարերարները՝ անոնց աստուածահաճոյ նուիրատուութեանց համար, ու մաղթեց որ նոյն թափով ու ոգիով շարունակուի եկեղեցաշինութեան ընթացքը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց, թէ «նիւթեղէն կառոյցով եկեղեցիի կողքին, առաւել եւս հոգեւոր եկեղեցիին, Քրիստոսի մարմինին, հաւատացեալներու միութեան եւ հաւատքի զօրակցութեան կարեւորութիւն պէտք է տրուի»: Ան նաեւ յիշեցուց Ս. Աստուածածին եկեղեցին հայկական գմբէթով օժտելու գաղափարը, որ նախանցեալ տարիներուն պատկան մարմիններու կողմէ կ՛ուսումնասիրուէր:
Ի վերջոյ, պաշտօնական բաժինը իր աւարտին հասնելով՝ առաջնորդ սրբազանը փակման աղօթքով իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն, որոնք լաւ յուշերով բաժնուեցան իրարմէ, գոհունակ սրտով եւ վստահ համոզումներով, թէ իւրաքանչիւր լումայ արդարօրէն կը ծառայէ իր նպատակին։