ՇԱՔԷ ԶՕՊԱՅԵԱՆ
Մուսա լերան հերոսամարտի 99ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 6-7 Սեպտեմբերին, «Արեւ Ճամբար»ին մէջ, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Մուսա լեռ միութեան։
Օրուան հանդիսավար Կարին Քեսապլեան բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ. «Ըլլալով հայ ժողովուրդի օտարասփիւռ մէկ մասնիկը, մենք երբեք չենք թերանար մեր աւանդութիւնները, մշակոյթը ու սովորութիւնները թարմ պահելու՝ Սփիւռքի զանազան ափերու մէջ… Մուսալեռցիք ամբողջ աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդին վարկը բարձրացուցին իրենց քաջարի դիմադրութեամբ։ Այս պատուական եւ պատմական անունը բարձր եւ անաղարտ պիտի պահենք, որպէս մեր պապենական սերունդի շառաւիղները»։
Ապա ան հրաւիրեց օրուան սիրուած երգիչները՝ Սահակ Սիսլեանն ու Ժագ Յակոբեանը, որոնք իրենց կամաւոր եւ սիրայօժար մասնակցութեամբ խանդավառեցին օրուան ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտը՝ երգելով ազգային եւ ժողովրդական զանազան երգեր, որմէ ետք սկսաւ աւանդական տհոլն ու զուռնան, ու աւանդապաշտ մուսալեռցիք ձեռք ձեռքի բռնած համախմբուեցան տհոլին շուրջ։ Օրուան նուագախումբը շարունակեց խանդավառել երեկոն։ Ներկայ էին մօտ 400 աւանդապաշտ մուսալեռցիներ։
Կիրակի առաւօտ պատարագեց Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ իր հայրական պատգամով յիշեցուց ներկաներուն, թէ մուսալեռցիք կառչած կը մնան իրենց ոչ միայն աւանդութիւններուն, այլ ցոյց կու տան իրենց սէրն ու յարգանքը Մուսա լերան վրայ նահատակուած 18 քաջերուն՝ անոնց յիշատակը միշտ վառ պահելով սերունդէ սերունդ։
Կարին Քեսապլեան, հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, հրաւիրեց օրուան պատգամախօս դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանը, որուն պատգամի խտացումը հետեւեալն է. «Մուսա լեռը կը գտնուի Անտիոքէն շուրջ 18 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք, Միջերկրական ծովու ափերուն, ուր հին դարերէ ի վեր լերան ստորոտը հաստատուած էին եօթը գիւղերը։
26 Յուլիս 1915ին մուսալեռցիները լեռ բարձրացան ու սկսան պայքար մղելու բազմահազարանոց թրքական բանակին դէմ։ 40 օր մուսալեռցիները հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին, մինչեւ Սեպտեմբեր 13-15, երբ ֆրանսական հինգ ռազմանաւերը, որոնք կ՛երթեւեկէին Միջերկրական ծովուն վրայ, կը նկատեն կարմիր խաչի փրկարար դրօշակը մխացող լերան վրայ, կ՛ազատագրեն մուսալեռցիները (շուրջ 4000 մարդ) եւ կը փոխադրեն Եգիպտոս։
Մուսալեռցին աշխատասէր է եւ համառ։ Երբ կը վերադառնան իրենց հայրենի գիւղերը, զանոնք կը գտնեն լրիւ աւերակի մէջ, սակայն կը վերանորոգեն եւ կ՛ապրին մինչեւ 1939 թուականը, երբ հարկադրաբար կը ստիպուին լքելու հայրենի գիւղերը։ Ֆրանսական իշխանութիւնը աշխատանք կը տանի ապահովելու համար նոր բնակավայր մը մուսալեռցիներուն համար, որոնք տաժանելի եւ դժուար օրեր կ՛անցնէին, եւ վերջապէս կը տանին ու կը հաստատեն զանոնք Լիբանանի կէս անապատային, Պէքայի դաշտին արեւելեան կողմը, սուրիական սահմանին մօտ, եւ այսպիսով կը սկսի Այնճարի մէջ Մուսա լերան նոր կեանքը։
Աւստրիացի նշանաւոր գրող Ֆրանց Վերֆելի ստեղծագործութիւնն է «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը։ 1930ին Վերֆել կ՛այցելէ Դամասկոս, ուր գորգի գործատան մը մէջ կը նկատէ հայ երեխաներ, որոնք աշխատանքի դրուած էին։ Տեսնելով հայ երեխաներուն այդ ահաւոր վիճակը, կ՛որոշէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնել աշխարհին։ Ոգեւորուած Մուսա լերան ինքնապաշտապանութենէն, իրական փաստերու վրայ հիմնուած, պատմողներէն գրի կ՛առնէ այդ իրադարձութիւնները, ու 1933ին լոյս կը տեսնէ իր աշխարհահռչակ «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը։
Շնորհիւ ֆրանսական մարտանաւերու հրամանատարին առած որոշումին, հաստատ կոտորածէ փրկուեցաւ Մուսա լերան ժողովուրդը, եւ շնորհիւ Ֆրանց Վերֆելի՝ ապագայ սերունդները ծանօթացան ու մոռացութեան չ՛ենթարկուեցան մեր պատմութիւնը եւ քաջարի պայքարողները»։
Դոկտ. Շէմմասեանի պատգամէն ետք, տեղի ունեցաւ հերիսայի օրհնութիւնը, եւ մատաղը բաժնուեցաւ ժողովուրդին։ Կարին Քեսապլեան հրաւիրեց նուագախումբը, ու մեր երիտասարդները դարձեալ հնչեցուցին տհոլն ու զուռնան՝ պարի հրաւիրելով ներկաները։
Կէսօրէն ետք ժողովուրդը սկսաւ մեկնելու՝ առաջադրելով յառաջիկայ տարիներուն դարձեալ ներկայ գտնուիլ, յարգելու համար յիշատակը մեր նահատակներուն։
Այս առիթով Քալիֆորնիոյ Մուսա լեռ միութեան վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան այս տօնակատարութեան յաջողութեան համար՝ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանին, մեր սիրուած երգիչներուն, մատաղը եփողներուն, տհոլն ու զուռնան նուագողներուն եւ մանաւանդ, այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք տարիներու ընթացքին իրենց ներկայութեամբ սիրայօժար աշխատանքով եւ նուիրատուութեամբ աջակցած են մեր միութեան գոյատեւման։