ԵՐԵՒԱՆ.– Կառավարութիւնը 755 միլիոն դրամ (մօտ 1.8 միլիոն տոլար) յատկացուցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, գլխաւոր դատախազութեան, պետական պահպանութեան ծառայութեան, յատուկ քննչական ծառայութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան աշխատակիցներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման համար:
Կառավարութիւնը նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան շինարարական ծրագիրներու փոփոխութեան եւ խնայողութեան հաշիւին յատկացուցած է մօտ 67 միլիոն դրամ՝ Ագարակի եւ Մեհրաբի մէջ կառուցուող ծառայողական բնակելի շէնքերու, ինչպէս նաեւ Արարատի մէջ վերակառուցուող հանրակացարանի շինարարութիւնը աւարտին հասցնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.