ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Դուք միայն պատկերացուցէ՛ք այն մարդիկը, որոնք մեծ բերկրանքով պայթուցիկներու արկղեր տեղադրեցին սրբավայրին մէջ ու ապա գերագոյն հրճուանքէն ոռնացին, երբ գեղեցիկ ու խորհրդակիր շինութեան տեղ փոշի ու բեկորներ մնացին։ Ահա՛ թուրքին գերագոյն հրճուանքներէն մին։ Չէ՞ք խղճար այս մակարդակի «մարդոց»։
Քարին պահ տրուած որեւէ յիշատակ ի վերջոյ կը խամրի, եթէ անիկա չէ պահուած մարդկային յիշողութեան մէջ։ Մենք քարերու պէտք չունինք, յիշելու մեր միլիոնաւոր զոհերն ու Դրախտավայր-Հայրենիքին կորուստը, ո՜վ անարմատ թուրք։ Իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ ոչ միայն Նահատակաց յուշարձան, այլ Արարատ ու Անի, Վան ու Սասուն կայ։ Իսկ հոգիին մէջ դրոշմուածը դուն սրբելու կարողութիւն չունիս… Այդ մէկը՝ կենդանի յուշարձան ըլլալ կամ մոռնալ՝ մե՛նք միայն կրնանք վճռել… Իսկ եթէ կան իրենց հոգիներուն մէջ Տէր Զօր ու Արարատ չկրող հայեր, անոնք քեզմէ աւելի լաւ չեն…
***
Հեռաւոր սիրելինե՛ր, որոնց սիրտերը դեռ Հալէպ են… այսօր ո՛չ պատերազմ ու աւեր, ո՛չ ցաւ ու արիւնէն կ՛ուզեմ խօսիլ. կ՛ուզեմ յիշեցնել ձեզի Հալէպի առաւօտները։ Ափսո՜ս, որ ոչ շատ հայկական թաղամասի մէջ եմ, բայց՝ Հալէպ։
Գիշերը բոմբիւններէ բազմիցս արթնցած ու յոգնած՝ առտու կանուխ կ՛ելլեմ ու կ՛որոշեմ «Մեճտէլ» երթալ։ Թաղին մէջ լռութիւն է, արթուն մարդ չկայ տակաւին, արթուն են միայն աղբերու մէջ միսի հետքեր փնտռող կատուներն ու ՀՄԸՄի պարտէզին բնակիչ թռչունները. ծառերուն մէջ թառած-թաքնուած՝ անոնք լուսաբացի փառաբանանք-համե՜րգը կու տան. տատրակներ փափուկ ալթոյով սաղմոսներ կը յղեն երկինք, ծիտիկ-ճնճղուկները ծլվլոցով կը փորձեն սոփրանօն ապահովել, իսկ մերթ կռռացող ագռաւներ պասեր կը կեղծեն։ Ու անոնց երգերուն ունկնդիր՝ լոյսը կը շատնայ…
Աղբահաւաքը դեռ չէ եկած, ուստի առանց խղճահարութեան կրնամ ձեռքիս աղբի պարկը նետել պատին տակ, երկու սիւներուն մէջ կուտակուած սարին վրայ ու անցնիլ այնպէս, որ ես ալ մոռնամ իմ ըրածս։ Միայն թէ պատշգամէ մը տիրոջմէն առաջ արթնցած սեւ շունը ամօթանք կու տայ՝ բարձր ու արձագանգուող հաջոցով. բռնուեցա՜ր։ Քիչ անդին փուռն է, թարմ հացին հոտով. բարեբախտաբար անցեալին մէջ մնացին գիշերային հերթերը։
Ապու Յակոբին նկուղ-խորտկարանին կից խանութը, որ շատ տեսակ փոխեց ապարդիւն ու չյաջողեցաւ, հիմա սրճարան-անուշեղէն, մէկ խօսքով՝ «քաֆէ» բացեր է ու անունն ալ մեր քաղաքին մէջ մոռցուած երեւոյթ կ՛ուզէ յիշեցնել՝ smi՜le… Ափսո՜ս, եթէ հայերէն ըլլար, թերեւս հասկնայի ու անսայի իր յորդոր-կանչին։ Կ՛անցնիմ։
Ճաշարաններու շարքը որքա՜ն անշուք է, ոչ բոլորը կը գործեն։ Միայն տեղ մը սպասեակ մը բոյսերը կը ջրէ ու կը ջանայ շէնութեան ու գեղեցկութեան տպաւորութիւն ստեղծել. թարմ ու խաղաղ առաւօտ… մինչդեռ կ՛անհանգստացնէ «քէպապճի»ին լքուած սեղանը ննջարան ըրած քնացող կատուն, որ սեղանէն խորովածին անուշ բոյրը կ՛առնէ ու երազին միս կը ճաշակէ (շատ մարդոցմէ լաւ է)։ æուրի պատահական շերտէն կը ցատկէ ու կը փախչի սոսկահար։ Հոս, քիչ մը անդին, վերջերս հայորդի մը փորձեց «քէպապ»ի խորտկարան հաստատել, շրջան մը նոյնիսկ մէկ երկու յաճախորդ ալ կարծես եղան, թէ հարազատներէ՞ն կը նստէին մայթային խորտկարանին մէջ՝ «Է՛ստի համեցէք»ի համար։ Տղան նոյնիսկ փոքրիկ խոհանոց-ինքնաշարժը գունազարդեր էր ու «Վան» կոչեր իր, ափսո՜ս, ոչ լճափնեայ ճաշարանը, թէեւ աղտոտ մայթը մաքրեր, պատին ծովային բնապատկեր գծեր, կը փորձէր Վանի պատրանք ստեղծել հայերուս համար (օ՜, հայու ծովէ ծով երազ)… Մէկ խօսքով՝ հայու շնորհք։ Ու սակայն ան ալ չմնաց. գաղթե՞ց ան ալ… Փոխարէնը նոյն մայթին այսօր, առաւել իրապաշտներ, որոնք երազ չեն տեսներ, տեղադրեր են հսկայական «ճեներաթէօր»ներ ու «ամփեր»ներ կը բաժնեն, ժողովուրդը խաւարէն փրկելու համար, նաեւ աղմուկ, ծուխ ու պէնզինի հոտեր «նուիրելով» անցորդներուն։ Ամերիկան հոս դեմոկրատիա հաստատելու մարմաջով կը տառապի. թող գան ու տեսնեն. կատարեալ ազատութիւն է՝ ով ինչ ուզէ կ՛ընէ եւ ուր որ ուզէ…
Պարտէզի մուտքին հսկող պահակ-զինուորին բարի լոյս կը մաղթեմ. պիտի ուզէի հիւրասիրել ալ, սակայն պարապ են գրպաններս։ Ո՜վ գիտէ, երկրին ո՞ր մէկ ծայրէն հոս, վտանգի բերանն ինկած պատանի՝ աւտոմատը առջեւը դրուած նստեր է միայնակ ու քնատ, մինչ բախտակից ընկերները քնացած են տակաւին տնակի խշտեակներուն վրայ։ Կիները չեն խուզարկեր, պայուսակ ալ չունիմ, զէնքի կասկած չկայ, կ՛անցնիմ։
Պարտէզին մէջ վաղ առաւօտեան լոյսի, շաղի ու շողի խաղ է, հմայք։ Շէնքերու ետեւէն «ծագող» արեւի առաջին շողերը ծառերու ճիւղերուն հետ պահմտոցի կը խաղան ու թափանցելով՝ տեղ-տեղ ոսկի ըրած են։ Կը քալեմ հայեացքս միշտ վեր՝ ծառագագաթներու ոսկիին ու հարաւի երկինքի թարմ կապոյտին, ուր ճիւղերը հեքիաթներ հիւսած են։ Տեսնողը թերեւս «զարնուած» կարծէ, բայց այս քաղաքին մէջ այլեւս բոլորս ալ քիչ մը «զարնուած» ենք, իսկ վարի աշխարհը չունի նայելիք, քանի որ երէկ Ուրբաթ էր, հոս՝ որոշ դասակարգի խրախճանավայր, ու այսօր այս գողտրիկ պարտէզը համատարած աղբանոցի վերածուած է… Ասդին անդին «նայլոն» (կերպընկալ-բծախնդիրին համար) պարկեր, իւղոտած թուղթեր ու ըմպելիքի թիթեղներ հաւաքող աղբահաւաքները ո՞ր մէկը հասցնեն մաքրել։ Ուստի, իւրաքանչիւր նստարանի առջեւի արեւածաղիկի ու ձմերուկի կուտի կոյտերը անոնք ձգած են մրջիւններու ու ծիտերու հայեցողութեան։
Կ՛անցնին կը դառնան հետզհետէ աւելցող մարդիկ, ու քովնտի նստարանի մը նստած՝ կը դիտեմ կեանքի թատրոնը։ Անոնց քալուածքէն ու շարժումներէն զիրենք ճանչնալ կը փորձեմ։ Հոս թատերականը շատ աւելին է քան փողոցը, մանաւանդ՝ կիներու մասնակցութեամբ։ Ու սակայն, ո՜վ զարմանք, անոնք մեքենայացած են. այնքան զբաղած են իրենց հագուած դերերով, որ ո՛չ ոք, ո՛չ ոք անոնցմէ կը «տեսնէ» ծառերը, ջրելու նպատակով բացուած ջրաշիթերու գոյներուն խաղը արեւուն շողերուն տակ («æուրը ցայտքէն ծաղիկ-ծաղիկ կը կաթէ», պիտի ըսէր Մեծարենց), թարմ կանաչ խոտերուն ու ծաղիկներուն վրայ ցօղին բազմերանգ փայլփլիլը։ Գեղեցկութիւնները սպաննուած այս քաղաքին մէջ մարդիկ եղած գեղեցիկն իսկ չեն տեսներ. մարդիկ իրենք իրենցմէ՛ բացակայ են։
Վերադարձիս փողոցին կեանքը առաւել աշխուժացեր է։ Մայթեզրի ծխախոտավաճառին սեղան-խանութը, որ քիչ առաջ գոց, ցանկապատին շղթայուած էր, հիմա բացուած է, ու շարուեր յարդարուեր են տուփերը. ի՜նչ գոյներ ու բազմատեսակութիւն թոյնի։ Ինքնաշարժներ աշխուժացեր՝ մարդիկ սակաւ են դեռ։
Գետին հունը գրեթէ չորցած է կրկին, ու մարդիկ հաւանաբար իրենց դժգոհութիւնը հոն աղբ նետելով կ՛արտայայտեն։ Հակառակ ափին անկիւն մը գրաւած ֆալաֆել ծախողը սկսած է տապկել ու այրուող բուսաիւղին հոտը բռներ է շուրջը. այս ժամուն ո՞վ պիտի ուտէ ֆալաֆել…
«Ուանէս»ին դէմի անկիւնը գրաւած հաստափորիկ պտղավաճառը տեղափոխուեր է. ինչո՞ւ. չէ՞ հաւնած նախկին լայն տեղը. հաւանաբար «ոտքէ հեռու էր»։ Կամ, աւելի հաւանականը՝ այս թաղի ազդեցիկ ընտանիքները շատոնց այլ երկինքներու տակ են։ Ան հիմա գրաւեր է պէնզակայանին վերին բանուկ անկիւնը ու ահա՝ տղաքը արկղերը կ՛իջեցնեն մեքենայէն, կը շարեն մայթին երկու կողմէն, երկայնքն ի վեր. դուն վարէ՛ն քալէ։ Իսկ եթէ գրպանդ լեցուն է՝ մի՛ վախնար, գնէ՛ ընտիր ու բազմատեսակ պտուղ-բանջարեղէնը։ Կատակ չէ, մարդը Ազիզիէի լաւագոյն կեդրոններէն մին զբաղեցուցեր է՝ «Փիցցա Հաուզ»ին քովը, ուր քիչեր գին կը հարցնեն. ու աղայավարի բազմած՝ տեսքէն գիտէ առնող-չառնողը, անոր համաձայն ալ կը շարժի տեղէն կամ՝ ոչ։ Պարոնեան կ՛ըսէր՝ սարդոստայնը լարեր, մէջը ինկողը կը սպասէ։
Պենզակայանին առջեւ արդէն շարուած ու կարգի կեցած օթօներ կան, նաեւ՝ զանոնք հսկող ու հերթը կարգաւորող զինուոր։
«Սահհա»ի մոթորին ամէնօրեայ երգը կը բռնաբարէ առաւօտեան անդորրը։ Ան ճիշդ 6ին կը միացնէ մոթորը, փուռը վառելու համար, նոյն ատեն պաշտօն առած է արթնցնել ծոյլերը։ Ու սակայն չկան առտու կանուխ խանութին առջեւ կարգի սպասող ինքնաշարժները՝ պտոյտի գացող խումբերու համար «պիպէրով» ու պանիրով հացիկներ, «մենէիշ» ու «փիցցա» գնողներ (թոյլ տուէք տեղական բառերը օգտագործել)։ Աւելի ուշ, մինչեւ երեկոյ, քիչ թէ շատ կ՛ըլլան յաճախորդներ, սակայն առաջուան շահը չմնաց, ու տէրը օրուան մեծ մասը խանութին առջեւ աթոռակներ դրած՝ բարեկամներուն հետ սուրճ կը խմէ (տղամարդոց անգործութեան առաւելութիւնը՝ բարեկամութիւններ կը խորանան)։ Մանաւանդ որ գիները սղած են, ու ամէն թաղի մէջ արդէն «ֆաթաէրճիներ» կան։ Քիչ անդիէն արդէն Ապու Ապտօն ալ ֆուլը կը պատրաստէ ու սխտորախառն լիմոնին սուր հոտը ախորժակի կը հրաւիրէ. սիրտերնիդ չուզե՞ց…
Դուք, որ ճոխ սեղաններու առջեւ նստած կը նկարուիք ու մեզի ցուցադրութեան կը դնէք, չեմ կարծեր թէ աւելի համեղ բաներ ունիք, քան թուածներս ու չթուածներս, եւ վստահ եմ՝ այլ երանիներու կարգին, նաեւ զանոնք ճաշակելը կը սպասէք։
Բարի վերադարձ փափաքողներուն։