ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, մինչ դաշնակից ուժերու ռազմական օդանաւերը կը ռմբակոծէին դէպի Պաղտատ յառաջանալ փորձող իսլամ ծայրայեղկաններու դիրքերը, գետնի վրայ զանազան վայրերու մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ծայրայեղկաններուն եւ իրաքեան բանակին միջեւ, որուն կողքին կը պատերազմին նաեւ քրտական եւ շիիներու զինեալ խմբաւորումներ։
Հակառակ Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն շղթայազերծած օդային հարուածներուն, ծայերայեղականները վերջին քանի մը օրերուն իրաքեան բանակին դէմ յաւելեալ ճակատներ բացած էին՝ Իրաքի մէջ իրենց գրաւած տարածքները շարունակելով ընդլայնել։
Ըստ տեղական մարմիններու՝ Իրաքի Անպար նահանգին 70 առ հարիւրը կը գտնուի «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ։ Իրաքի արեւմուտքը գտնուող անապատը, որ երկրի տարածքին մէկ երրորդը կը կազմէ, նմանապէս գրաւուելու վտանգ կը դիմագրաւէ: Անպարի խորհրդարանի նախագահը կը նախատեսէ, որ այդ վտանգը երկու շաբաթէն կրնայ իրականութիւն դառնալ, եթէ դաշնակից ուժերը կամ իրաքեան ուժերը իրենց հարուածները մեղմացնեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.