ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրարղբիւր համայնքը ներառեց սահմանամերձ համայնքներու կարգին, ինչ որ առիթ պիտի տայ, որ Վերին Կարմիրաղբիւրի բնակիչները եւս օգտուին տարբեր ընկերային ծրագիրներէ:
Կառավարութեան նիստին Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարի տեղակալ Վաչէ Տէրտէրեան նշեց, որ Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր համայնքի բնակիչները նոյնպէս դժուարութիւններ կ՛ունենան վճարելու իրենց հողի հարկը եւ օգտագործուած ոռոգման ջուրի վարձավճարը: Համայնքը եւ ջուր օգտագործող ընկերութիւնը, չհաւաքագրելով նշուած գումարները, չեն կրնար գործադրել ծրագիրները եւ լուծել խնդիրները: Որոշման նախագիծով Վերին Կարմիրաղբիւր համայնքի հողի հարկ վճարող ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերուն հողի հարկի վճարման նպատակով կառավարութիւնը յատկացուց 2 միլիոն 915 հազար դրամ: Միաժամանակ, օգտագործուած ոռոգման ջուրին փոխարէն, ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու վարձավճարներուն համար պիտի ճշդուի 50 տոկոսի զեղչ, որուն համար յատկացուեցաւ 342 հազար դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.