
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպQան Հանրի Ռենօն յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային Փարիզի մէջ նախատեսուող Հայաստանի, Ֆրանսայի ու Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպումը բովանդակային առումով նոր լիցք պիտի հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Ան այս մասին հաղորդեց 22 Հոկտեմբերին հանդիպում ունենալով լրագրողներուն հետ՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով։
«2014 թուականի Մայիսին Հայաստան–Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ատեն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ առաջարկեց երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպում կազմակերպել Փարիզի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին նոր լիցք հաղորդելու համար: Առաջարկը ընդունուեցաւ երկու նախագահներուն կողմէ, եւ մօտ օրէն Փարիզի մէջ պիտի կայանայ Սարգսեան-Հոլանտ-Ալիեւ հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն է բովանդակային առումով նոր լիցք հաղորդել հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Նաեւ խթանել երկու երկիրներուն միջեւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ստեղծման, որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շփման գիծին մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին վրայ», յայտնած է դիւանագէտը՝ ընդգծելով, որ հանդիպման անգամ մը եւս պիտի վերահաստատուի, որ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային տարբերակին այլընտրանք չկայ:
Դեսպան Ռենօն այս առիթով այցելած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ արդիւնաւէտ եւ աշխոյժ առաքելութեան համար։ Հայ–ֆրանսական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով ունեցած ներդրումին համար՝ նախարար Նալբանդեան Ֆրանսայի դեսպանին յանձնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մետալը։