ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Թամըս Մելիա «Ամերիկայի Ձայն»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ իր ներկայացուցած կառոյցը «Ատրպէյճանի հետ կարծր բանակցութիւններ կը վարէ՝ արտասահմանեան եւ տեղական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքներու քաղաքականութեան իրականացման անթոյլատրելիութեան շուրջ»:
Ըստ ատրպէյճանական «Հաքին» կայքին՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան ուշադրութիւնը ուղղակիօրէն հրաւիրուած է հետեւեալ կէտին վրայ. «Երկրին երկարաժամկէտ կայունութեան եւ զարգացման երաշխիքը քաղաքացիներուն ազատութիւն ապահովելն է բոլոր ասպարէզներուն մէջ»:
Ամերիկացի դիւանագէտը Ատրպէյճանին խորհուրդ տուած է՝ աւելի հանդուրժող ըլլալ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» կայքը հաղորդած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 84 հոգիի ներում շնորհող հրամանագիր մը ստորագրած է: Ըստ փաստաթուղթին՝ ազատ արձակուած 80 բանտարկեալներուն շարքին կան Թուրքիոյ, Իրանի եւ Փաքիստանի քաղաքացիներ: Ուրիշ մը ազատ կացուցուած է պայմանական պատիժէ, երկուքը՝ ուղղիչ աշխատանքներէ եւ մէկ ուրիշը՝ տուգանքէ:
Ներուած անձերէն երեքը իրաւապաշտպաններու կողմէ քաղաքական բանտարկեալ նկատուած անձեր են։ Անոնք են՝ «Նիտա» շարժումի երիտասարդ գործիչներ Պախթիար Կուլիեւ, Շահին Նովրուզլու եւ Էլսեւեր Մուրսալի: Ներումի արժանացած է նաեւ Գանձակի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկուն ղեկավարը՝ Հասան Հուսէյնլի:
Ներկայիս, Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը մօտաւորապէս 100 է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.