Անցեալ շաբաթ լոյս տեսաւ «Այնճարի Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր Հայ Կաթողիկէ Համայնքին Պատմագրութեան Համար» ծաւալուն հատորը՝ հեղինակութեամբ Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի (Մեսրոպ Հայունի):
Հատորը (1072 էջ) կը ներկայացնէ Այնճարի Հայ կաթողիկէ Հհմայնքի 75 տարիներու պատմութիւնը: Անիկա ձօնուած է Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակին:
Հատորի մեկենասնեերն են Գրիգոր, Քրիսթին եւ Քերոբ Ճապուրեանները:
Հատորը կը պարունակէ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ առանձին՝ շուրջ 50 էջ գունատիպ լուսանկարներ վերջերս վերանորոգուած Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն:
Երկար պրպտումներու եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է այս ծաւալուն հատորը, որ լոյս կը սփռէ Այնճարի պատմութեան մէկ կարեւոր հատուածին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.