ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմնի նիստում փոխվարչապետի նշանակման հարց չի քննարկուելու»: Նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ նիստին ընթացքին պիտի քննարկո՞ւի փոխվարչապետի նշանակման հարցը՝ Յովիկ Աբրահամեանը կարճ պատասխանած է. «Ո՛»չ:
Լրագրող մը հարցուցած է, որ պատրա՞ստ են 24 Հոկտեմբերի յեղափոխութեան. վարչապետը պատասխանած է. «Դուք ինչո՞ւ էք մեր երկրին այդքան վատ բաներ կամենում: Դուք երիտասարդ էք, նման բաներ մի ասէք: Խնդրում եմ բոլորիդ, հասարակութեանը ճիշդ տեղեկատուութիւն տրամադրէք»:
Արձագանգելով այն դիտարկմանը, թէ մարդիկ իշխանափոխութիւն կը պահանջեն՝ վարչապետը իր կարգին հարցուցած է. «Ովքե՞ր են պահանջում»։
Իսկ անդրադառնալով այն հարցին, թէ կառավարութիւնը չի՞ փափաքիր, թէ չէ կրցած կատարել քառեակի 12 կէտէ բաղկացած պահանջները՝ վարչապետը յիշեցուցած է, որ կառավարութիւնը գրաւոր պատասխանած է այդ պահանջներուն։
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ՀՀԿ ԳՄ նիստէն առաջ զրուցած էր նաեւ Բուզանդի, Եկմալեան եւ Ֆիրդուսի փողոցի բնակիչներուն հետ, որոնք կը պահանջէին լուծել իրենց բնակարանային հարցերը։ Ան լսած է բնակիչներուն եւ խոստացած տեսակցիլ անոնց հետ: «Ձեզ կը զանգահարեն եւ մենք կը հանդիպենք, կը քննարկենք ձեզ յուզող հարցերը: Ես ձեզ Շաբաթ օրը կ՛ընդունեմ», ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.