ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխաննրէն եւ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի հետ կապի յանձնախումբի մնայուն անձերէն Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր յայտարարեց, որ Օճալան այսուհետեւ հինգ հոգիէ բաղկացած քարտուղարներու մարմին մը պիտի ունենայ։ Ան ըսաւ, որ հաշտութեան գործընթացին համար 5-6 ամիս բաւական է, եթէ կողմերը քաղաքական կամք ցուցաբերեն։ «Մինչեւ Մարտ կրնանք ամէն ինչ կարգադրել», ըսաւ Էօնտեր։
Ան խօսեցաւ նաեւ Օճալանի Իմրալը կղզիի բանտի պայմաններուն մասին՝ նշելով, որ ցարդ մօտաւորապէս 20 տեսակցութիւն ունեցած են Օճալանի հետ եւ բոլոր տեսակցութիւններն ալ կատարած են նոյն տեղը, որ հազիւ 15 քառակուսի մեթր տարածք ունի։
Էօնտեր նշեց նաեւ, որ քարտուղարներու կազմը գլխաւորաբար ապահովութեան, ուսման, կանանց, իրականութիւններու հետ երես առ երես գալու հարցերը պիտի քննեն։ Այս կազմը լիազօրուած պիտի ըլլայ պետութեան հետ տեսակցութիւններ ունենալու եւ քաղաքական գետնի վրայ տեսակէտներ ցոլացնելու։
Երբ լրագրողները յիշեցուցին Օճալանի այն խօսքը, թէ՝ «երբ Քոպանի յանձնուի, պետական հարուած կը պատահի», Էօնտեր նշեց, որ ճիշդ է Օճալանի այդ խօսքը, որովհետեւ ժողովուրդը այդպիսի պարտութիւն մը չի հանդուրժեր։ «Մեր հողերուն վրայ ոստիկանէ աւելի օտար գաղտնի ոստիկաններու ուժեր կը վխտան։ Կայ զօրաւոր արտաքին ուժ մը, որ կը ջանայ մեր ուժերը տկարացնել։ Այս ջանքը տակաւին օր մը իսկ իր զօրութիւնը չկորսնցուց», ըսաւ Էօնտեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.