
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 24-25 Հոկտեմբերին Հայ օգնութեան ֆոնտը (ՀՕՖ)՝ Ամերիկահայ բժիշկներու միութեան աջակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի բժիշկներու որակաւորման դասընթացք կը կազմակերպէ Ստեփանակերտի մէջ:
Սեմինարի առաջին օրը «Նորք ինֆեկցիոն կենտրոն»ի բժշկուհի Հռիփսիմէ Ապրեսեան Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքի ու մարզերու մանկաբուժներուն ծանօթացուցած է մանկական վարակիչ հիւանդութիւններու իսկական խնդիրներն ու ճիշդ մօտեցումները: Դասընթացքը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի «Արեւիկ» մանկական հիւանդանոցին մէջ:
25 Հոկտեմբերին դասախօսութիւններ պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ: Շենգաւիթ բժշկական կեդրոնի մանկաբարձ-ծինաբան Ռուսադան Վարդանեան պիտի ներկայացնէ յղութեան ընթացքին հաւանական բարդութիւններն ու անոնց բուժման ժամանակակից մեթոտները:
Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան ծիրին մէջ ՀՕՖի Առողջապահական ծրագիրներու ղեկավար Համբարձում Սիմոնեանն ու դասընթացքը վարողները հանդիպում ունեցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան փոխնախարար Զոյա Լազարեանին հետ: