ԼՈՆՏՈՆ.- «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա Կիրակի, Հոկտեմբեր 27ին պաշտօնապէս աւարտած է Աֆղանիստանի մէջ իր ռազմական գործողութիւնները, երբ այդ երկիրը գտնուող Բրիտանիոյ վերջին ռազմակայանին մէջ վար առնուած է Բրիտանիոյ դրօշը, իսկ ռազմակայանի հսկողութիւնը փոխանցուած է աֆղան ուժերուն:
Աֆղանիստանի մէջ 13 տարիներու զինուորական գործողութիւններու ընթացքին, Բրիտանիան 453 զինուոր կորսնցուցած է:
«Քեմփ Պեսթիըն»ի մէջ հրաժեշտի արարողութեան ներկայ գտնուած են 300 բրիտանացի զինուորներ, որոնք յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին պիտի վերադառնան իրենց հայրենիքը:
Աւարտելով իրենց առաքելութիւնը՝ բոլոր բրիտանացի զինուորները պիտի չհեռանան Աֆղանիստանէն: Ըստ ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ Քապուլի զինուորական ակադեմիոյ մէջ պիտի մնան քանի մը հարիւր բրիտանացի սպաներ, յառաջիկայ տարիներուն դասաւանդութիւններ եւ մարզումներ իրականացնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.