ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Եւանկելոս Վենիզելոս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Անգարային յստակ ազդանշան ուղարկած է՝ նշելով, որ Թուրքիա պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը, եւ եթէ մտադիր է անդամակցելու Եւրոմիութեան, ապա պէտք է ճանչնայ Եւրոմիութեան անդամ բոլոր պետութիւնները: Վենիզելոսի յայտարարութիւնը տարածուած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.