
30 Հոկտեմբերին Ջաւախքի օժանդակութեան հիմնադրամը հերթական օժանդակութիւն ցուցաբերեց այս տարուան ընթացքին երրորդ եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս վեցէն աւելի զաւակ ունեցողներուն։ Այս անգամ աջակցութիւն ստացան եօթը ընտանիքներ։
Գումարի փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ախալցքայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի գրասենեակին մէջ՝ ներկայութեամբ Ջաւախքի օժանդակութեան հիմնադրամի հիմնադիր, գործարար եւ բարերար Սօս Սահակեանի։
Բարերարը շնորհաւորեց նորածիններուն ծնողներն ու հիմնադրամի Ախալցխայի բաժինի պատասխանատուին հետ գումարները յանձնեց ընտանիքներուն։
Հիմնադրամի Ախալցխայի պատասխանատու Էդուարդ Այվազեանի համաձայն՝ Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամը բաւական երիտասարդ կառոյց է, ունի միայն մէկ տարուան պատմութիւն, սակայն այս ժամանակամիջոցին բաւական մեծ աշխատանք կատարած է յատկապէս Ջաւախքի մէջ ծնելիութեան խթանման իմաստով։
Յաջորդ օրը ծնելիութեան օժանդակութեան ծրագիրով նիւթական տրամադրումը տեղի ունեցաւ նաեւ Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի մէջ, ուր բազմազաւակ ընտանիքներու եւ նորածին երեխաներու ծնողները հիմնադրամին կողմէ ստացան օժանդակութիւն։