
ՖՐԵԶՆՕ, «Ֆրեզնօ Պի».- Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին, հարիւրաւորներու ներկայութեամբ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունցած է Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը՝ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու եւ քաղաքական ու քաղաքացիական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու։
Յուշարձանը նախաձեռնութիւնն է Ֆրեզնոյի հայ համայնքին համատեղ ջանքերով կազմուած Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին։
Համալսարանի տնօրէն Ճոզէֆ Քասթրօ իր ելոյթին մէջ յուշարձանին կառուցումը կապեց ապագայ սերունդները դաստիարակելու համալսարանի առաքելութեան, միաժամանակ՝ դրուատելով հայութեան ունեցած շինիչ դերակատարութիւնը շրջանի պատմութեան մէջ։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճիմ Փեթըրսըն, առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Յովնան արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանէն Լեւոն Մինասեան, համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ ուրիշներ։
Յուշարձանի հիմքին մէջ դրուեցաւ նաեւ Հայաստանէն բերուած օրհնուած հող, որ լեցուեցաւ շրջանի Չարլի Քէյեան վարժարանէն 2 աշակերտներու կողմէ։
Բոլորակաձեւ դասաւորուած ինը սիւներէ բաղկացող եւ Ծիծեռնակաբերդը յիշեցնող այս յուշարձանը պիտի կառուցուի Ֆրեզնոյէն ճարատարպետ Փօլ Հալաճեանի կողմէ, որ իբրեւ շինանիւթ պիտի օգտագործէ նաեւ հայկական տուֆ քարը: Սիւներէն վեցն կը ներկայացնեն Պատմական Հայաստանի վեց նահանգերը, իսկ մնացեալ երեքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սփիւռքն ու Կիլիկիան: Յուշարձանի պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւնը պիտի կատարուի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Ֆրեզնոյի յանձնախումբին մաս կը կազմեն շրջանի կրօնական, ընկերային եւ քաղաքական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններէն ներկայացուցիչներ: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.agcfresno.org կայքը կամ www.facebook.com/agcfresno կայքէջը